ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 21 Մայիս 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
***
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Հինգշաբթի, 25 Մայիսին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։
Աւելի ուշ, ժամը 11։30-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը կազմակերպած է այս տօնին յատուկ աւանդական ճաշկերոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Պրէնտվիու» ճաշարանին մէջ։ Այս տարուան հիւրընկալն է Տիկին Սիլվա Չագմագճեան։
Մանրամասնութեանց եւ տեղ ապահովելու համար կարելի է հեռաձայնել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, 818-248-7737 թիւին։
***
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ «ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ
Շաբաթ, 13 Մայիս 2017-ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պօղոս եւ Ս. Պետրոս Ղըպտի Ուղղափառ Եկեղեցին հիւրընկալեց «Ուղղափառ Փառաբանութեան» 10-րդ տարեկան միօրեայ հաւաքը, հովանաւորութեամբ համայնքի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրապիոն Եպիսկոպոսի։
Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ապա, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ ու ծանօթացում։ Պաշտօնական յայտագիրին ընթացքին, իւրաքանչիւր եկեղեցի իր լեզուով ներկայացուց իր շարականներէն ու հոգեւոր երգերէն փունջ մը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանի «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի, մասնակցութիւն բերաւ յայտագիրին, «Յորժամ», «Գովեա Երուսաղէմ զՏէր» եւ «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականներով։ Երգեցողութենէն առաջ խօսք առնելով, երգչախումբի անդամներէն Տիար Գարեգին Քիրազեան Առաջնորդ Սրբազանին եւ Թեմին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Ղըպտի համայնքի զաւակներուն, Եգիպտոսի մէջ ծայրայեղականներու կողմէ Ծաղկազարդի օրը համայնքին պատկանող երկու եկեղեցիներուն ռմբահարման զոհերուն գծով եւ նշեց, որ իբրեւ սրտակցութիւն՝ «Յորժամ» շարականը կը նուիրուի անոնց յիշատակին։
***
ՀԱՅ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Շաբաթ, 13 Մայիսի երեկոյեան, Հայ Ամերիկեան Բժշկական Ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր իր 32-րդ տարեկան ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Եունիվըրսըլ Սիթիի «Կլոպ» սրահին մէջ։ Այս տարի, ընկերակցութիւնը պատիւի արժանացուց Փրոֆ. Դանիէլ Ստամպուլեանը, Տեարք Մայք Սարեանը, Վահէ Կարապետեանն ու Պարէտ Մարոնեանը, գնահատելով բժշկութեան ճամբով եւ ընդհանրապէս մարդկութեան ի նպաստ իրենց ծառայութիւնները։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Ան նաեւ ընթերցեց ընկերակցութեան վարչութեան, անդամներուն ու բարեկամներուն ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի գիրը։ «Հայ Ամերիկեան Բժշկական ընկերակցութիւնը իրաւամբ կերտած է արժէքաւոր ժառանգութիւն մը», գրած էր Առաջնորդ Սրբազանը. «դուք բարեփոխած էք բազմահազար մարդոց կեանքերը եւ անոնք, մեզի նման, երախտապարտ են ձեզի։ Վստահ ենք, որ յառաջիկայ տասնամեակներուն ալ պիտի շարունակէք գործել նոյն յանձնառութեամբ ու նուիրումով»։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ կը մաղթէր, որ այս ընկերակցութեան անդամները յաղջողութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, յոյս ներշնչելով այս շրջանի ու հայրենի հայութեան զաւակներուն։ Ան նաեւ գնահատանք արձանագրած էր պատիւի արժանացողներուն մասին, դրուատելով անոնց անձնուրաց ծառայութիւնները մեր հաւաքական կեանքին, ինչպէս նաեւ ընկերակցութեան հովանաւորներուն ու բարեկամներուն՝ անոնց զօրակցութեան համար։
***