Շաբաթական Լուրեր – 22 Մայիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

MontebelloChurchՀայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս տարի, Կիրակի, 24 Մայիս 2015ը Հոգեգալստեան տօնն է։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ “Թումանեան” սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրոց խմբակներու տարեկան աւանդական ձեռնարկը, նախաձեռնութեամբ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հովիւներուն ու հոգաբարձութեան եւ գլխաւորութեամբ Գրիգոր եղբայր Մսըրլեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին եւ պիտի փոխանցէ իր օրհնութիւնները։

***

ՎԱՆԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ 100ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

10012072_10153221136213971_1049063408248240561_oԿիրակի, 17 Մայիս 2015ի երեկոյեան, Կլենտէյլի “Hoover High School”ի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Վանի ինքնապաշտպանութեան եւ յաղթանակի 100ամեակի տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին։ Պաշտօնական բացման եւ բարի գալուստի խօսքերէն ետք, տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ պատգամաբերներու ելոյթներով։ Բանախօսներն էին ծանօթ թատերագիր եւ մտաւորական Հրանդ Մարգարեան (անգլերէնով) եւ միութեան նուրեալներէն Մայք Սօսիկեան (հայերէնով):

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան ներկայ եղաւ տօնակատարութեան եւ ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեան գիրը։ Նորին Սրբութիւնը, յիշելէ ետք 1915 թուականի Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած նախճիրը ու ցեղասպանութիւնը, կը նշէ թէ ողբերգական պատկերներուն դիմաց “ունեցանք նաեւ մեր ժողովուրդի հաւաքական վճռակամութիւնը արտայայտող հերոսական պոռթկումներ՝ Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, որոնք պերճախօս վկայութիւնը դարձան մեր մարտունակ ոգիին։ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը ահա այդ հերոսական խոյանքին արտայայտութիւններէն մէկն է”։

Այսօր հարիւր տարիներ յետոյ, “վերածնեալ մեր ժողովուրդը իր վերանկախացեալ հայրենիքով ու կազմակերպ սփիւռքով, իր մարդկային ու ազգային բռնաբարուած իրաւունքները կը պահանջէ”, կը շեշտէ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր օրհնութեան գիրը կ’եզրակացնէ այն վստահութեամբ, որ Վասպուրականի Հայրենակցական Միութիւնը, իր բոլոր մասնաճիւղերով, իր գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայ ժողովուրդի հաւաքական արդար պայքարին։

Յաղթանակի տօնակատարութեան ընթացքին, գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր։

***

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Gevork-(40)Կիրակի, 17 Մայիս 2015ի երեկոյեան, մանկավարժ-գրող եւ հասարակական գործիչ Տիար Գէորգ Պետիկեանի գրական, ազգային, կրթական եւ մշակութային գործունէութեան յիսնամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան հանդիսասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Խարբերդի Մշակութային Միութեան:

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, հանդիսութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ մեծարեալին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսք մը ունէր այս առիթով պատրաստուած յուշամատեանին մէջ, ուր կը նշէր, թէ “Գէորգ Պետիկեան իր անձնական ճիգերով, եւ մաքառելով սփիւռքեան այլօրինակ խոչընդոտներու եւ արգելակող ալիքներու դէմ, իր պատուանդանը կերտած է իբրեւ մամուլի մարդ, գրող, դաստիարակ եւ մշակոյթի սպասարկու: Իր ծննդավայր Հալէպի մէջ, երախտաշատ դաստիարակներու կողմէ իրեն աւանդ փոխանցուած ջահը բարձր պահելով, զայն փոխադրած է Պէյրութ ու ամերիկեան ափեր, հաւատալով մեր ժողովուրդի յաւերժութեան, մնալով այդ երթին անաղմուկ մէկ նուիրեալը: Ան մինչեւ այսօր ալ կը կանգնի պատնէշի վրայ, ձեռքերը միացնելով մեր մշակութային կեանքին ծառայողներուն եւ նոր սերմեր ցանելով հայութեան անդաստաններուն մէջ”:

Ի գործ դրուեցաւ յաւուր պատշաճի յայտագիր մը. բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավարուհի Տիկ. Յասմիկ Աճէմեանը։ Խօսք առին Տիարք Կարօ Պետրոսեան, Գէորգ Քէօշկէրեան, Սարգիս Մաճարեան եւ Արա Ահարոնեան, որոնք ներկայացուցին մեծարեալը:

Երեկոյի ընթացքին, յոբելեարը ի շարս այլ շնորհակալագիրերու եւ գնահատագիրներու պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան “Մայրենիի դեսպան”-ի պատուաբեր շքանշանով։ Յոբելեարի շնորհակալական սրտի խօսքով վերջ գտաւ յիշարժան երեկոն։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022