Շաբաթական Լուրեր – 18 Նոյեմբեր 2016

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՈՒՐԱՐԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 116-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

FresnoChurchՖրեզնոյի հայ համայնքը այս տարի կը տօնէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ օծման 116-րդ տարեդարձը։ 1900 թուականի Հոկտեմբեր 14-ին էր, երբ Քալիֆորնիոյ առաջին հայ համայնքը Աստուծոյ նախախնամութեամբ եւ հիմնադիրներու ջանասիրութեամբ՝ հաստատուն վէմի վրայ կառուցեց շքեղ Մայր Եկեղեցի մը, որ պիտի ըլլար Քալիֆորնիահայ գաղութի փրկութեան լաստն ու գոյատեւման եւ ամրապնդման առհաւատչեան։

Այս առթիւ, Կիրակի, 20 Նոյեմբեր 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրար կրելու իրաւունք պիտի շնորհէ եկեղեցւոյ դպիրներէն՝ Մինաս Արիսեանի, Ռաֆֆի Աբգարեանի, Կարէն Ծնունդեանի, Նարեկ Աբգարեանի, Յովիկ Օհանեանի, Արմէն Աբգարեանի, Վահէ Օհանեանի ու Զարեհ Աբգարեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ պիտի կատարէ եկեղեցական նոր սպասներու օրհնութիւնը։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 116-ամեակի ճաշկերոյթը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022