Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 45-րդ Նստաշրջան


Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր տարեկան 45-րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 19 եւ Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին, Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, հոգեւորականաց դասու, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներ, Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ ու մանկամսուրներու վարիչներ, CASPS-ի ներկայացուցիչը եւ անշուշտ երեսփոխանական կազմի անդամներուն մեծամասնութիւնը։ Այս տարուան ժողովին հիւրընկալն էր Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։

Երկօրեայ ժողովը իր աշխատանքները տարաւ 2017-ը «Վերանորոգումի Տարի» հռչակող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն թելադրուող մթնոլորտի մէջ, թէ՛ աւարտող տարուան աշխատանքին քննարկման եւ թէ յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան ծրագիրներու մշակման իմաստով, վերանորոգելով եկեղեցաշէն ու ազգանուէր աշխատանքի ուխտն ու յանձնառութիւնը։

ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ 45-րդ նստաշրջանը բացուեցաւ Ուրբաթ, 19 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 3-ին։ Ողջունելէ ետք ներկաները, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը, որ աղօթքով կատարեն նիստին բացումը։ «Հոգւոց» աղօթք բարձրացուեցաւ վերջին տարուան ընթացքին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած նուիրեալներէն՝ Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Թաշճեանի, Տիգրան Սարգունիի, Ճէք Գահուէճեանի եւ Սարգիս Եկէնեանի եւ այլ ծառայողներու հոգիներուն համար։

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը ընթերցելու ժողովիս ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքն ու պատգամը։ Ազգային վառ ապրումներով ու օրհնութեամբ ողջունելէ ետք ժողովականները, Վեհափառ Հայրապետը նկատել կու տար, որ Թեմիս այս գերագոյն մարմինը կը գումարուի, քննարկելու աւարտող տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքին արդիւնքն ու առաջնահերթութեանց կարգով մշակելու նոր ծրագիրներ, ինչ որ կ’ենթադրէ իրատես ու պատասխանատու մօտեցում։ Յիշեցնելով, որ 2017 տարին հռչակուած է Վերանորոգումի Տարի, Ն. Ս. Օծութիւնը կը նշէր, որ վերանորոգումը պէտք է արտայայտութիւն գտնէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն մէջ, նկատի ունենալով մանաւանդ, որ մեր Թեմը կազմակերպչական, ծխական ու կրթական իր կառոյցներով, աշխատանքի ընդարձակ դաշտեր ունի։ Այս կառոյցներուն առաքելութեան գնահատումն ու վերարժեւորումը կը պահանջեն հետեւողական ու ծրագրեալ գործ։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ կանգ կ’առնէր ծուխերու կենսաւորման պահանջին վրայ, նկատել տալով, որ հաւաքական կեանքի կորիզն ու վերակենսաւորման աղբիւրը ծուխ-միաւորն է։ Ն. Ս. Օծութիւնը նոյն մօտեցումով վեր կ’առնէր հայ դպրոցին դերակատարութիւնը՝ հայեցի ու կրօնական դաստիարակութեան ասպարէզին մէջ, ինչպէս նաեւ հրաւէր կ’ուղղէր՝ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու մեր հաւաքական աշխատանքի դաշտերուն մէջ։ Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը կը նշէր, որ մեր Թեմն ու անոր կարիքները հետզհետէ կ’ընդարձակուին, հետեւաբար, ապագայի ծրագիրները պէտք է նկատի ունենան այս իրականութիւնը։ Ան կ’եզրափակէր գնահատանք արձանագրելով Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւորականաց դասուն ու ժողովականութեան անդամներուն, այն վստահութեամբ, որ անոնք վերանորոգ յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործերը։

Օրակարգի լուծումը սկսաւ դիւանի ընտրութեամբ։ Ատենապետ ընտրուեցան Տեարք Ճորճ Չօրպաճեան եւ Դոկտ. Կարօ Յակոբեան, իսկ ատենադպիր՝ Տեարք Համօ Գասպարեան եւ Վարդան Մինասեան։

Սրտի խօսք արտասանեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։ Ան ժողովականներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց երեք հարցերու վրայ. Ա.- Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն բխած թելադրանքները նկատի առնել իբրեւ վերակազմակերպման ու վերանորոգութեան խրախոյս, մշակել երկար տեւողութեան վրայ տարածուող ծրագիրներ։ Բ.- Յատուկ քննարկման առարկայ դարձնել երիտասարդներու ներգրաւման հարցը, Գ.- Գոհունակութիւն, որ մեր Թեմին մէջ ծառայութեան կոչուած են հինգ միաբաններ. ան կոչ ուղղեց ժողովականներուն, որ աւելի եւս սերտացուի հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու միջեւ գործակցութիւնը։ Վերջապէս, Տիար Տիքիճեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Դպրեվանքի դերին, Առաջնորդ Սրբազանին ժրաջան աշխատանքին ու Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան նուիրեալ ծառայութեան մասին, յաջողութիւն մաղթելով ժողովին։

Յանուն Ազգային Վարչութեան՝ ողջոյնի իր խօսքը արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան։ Ան նշեց, որ քննարկումները մեկնակէտ պիտի ունենան գործադիր մարմիններուն միամեայ աշխատանքին տեղեկագիրները, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին՝ վարչութեան հանդէպ վստահութեան համար, անդրադարձաւ Ն.Ս. Օծութեան անցեալ տարուան հայրապետական այցելութեան, որ մեր դիմաց պարզեց նոր տասնամեակի հորիզոններ եւ արդէն այս ժողովը ունի համապատասխան ծրագրումի օրակարգ մը։ Հիւրընկալ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով, ողջոյնի խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ան մասնաւորաբար վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ եկեղեցին քարեղէն կառոյց չէ միայն, այլ նուիրեալներու գործին արտայայտութիւնը, ինչպէս՝ այս ժողովը։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ Ժողովին պաշտօնական բացման իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ բոլորիս առիթը ընծայեց ի մի խմբուելու, շեշտելով, որ այս ժողովը կրկնակիօրէն հանգրուանային է։ Արդարեւ, այս նստաշրջանը 45-րդն է Արեւմտեան մեր Թեմին հիմնադրութենէն ետք, ինչ որ առիթ է յետադարձ ակնարկ մը նետելու անցեալ տասնամեակներուն վրայ ու անկէ մեկնելով՝ մեր աչքերը սեւեռելու ապագային՝ մինչեւ 50-ամեակ եւ անկէ ալ անդին, համապատասխան մօտեցումով ծրագրելու յառաջիկայ աշխատանքները։ Ան գնահատանքով անդրադարձաւ անցեալի իրագործումներուն, որոնց մասնակից եղած են Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան, յանձնախումբերու, մարմիններու եւ կրթական համակարգի բոլոր նուիրեալները, դիտել տալով, որ ժողովս օրակարգի վրայ ունի Վեհափառ Հայրապետին յանձնարարութիւնը, ըստ որուն՝ պէտք է մեր հաւաքական կեանքին զարգացման ու աշխուժացման համար մշակենք տարիներու վրայ տարածուող ծրագիրներ։

Առաջնորդ Սրբազանը յանուն մեր Թեմի ժողովականութեան՝ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան յատուկ խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր պատգամներով ուղեցոյց կը հանդիսանայ մեզի ու մանաւանդ 30 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբերի այցելութեամբ պատուեց մեր Թեմը։ Ան կանգ առաւ անցեալ տարուան թեմական կարգ մը գլխաւոր իրագործումներուն վրայ, գոհունակութիւն յայտնելով երկու նոր միաբան հայրերու՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանի եւ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի մեր Թեմին մէջ ծառայութեան կոչումին համար։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ մեր Դատին հետապնդման ծիրին մէջ արձանագրուող նորութիւններուն, որոնց շարքին՝ յատկապէս Ս. Աթոռոյս ճամբով տարուող աշխատանքներն ու մասնաւորաբար Սիսի Կաթողիկոսարանի դատն ու Արցախի զօրակցութիւնը, յիշեցնելով, որ մեր Թեմը լիարժէք մասնակցութիւն բերաւ քառօրեայ պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն ու «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինարարութեան, որուն բնակարաններուն երկրորդ բաժինին բացման մասնակցութիւն ունեցաւ ինք, շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Ս. Աթոռոյս պատուիրակութեան հետ միասին։

Իր խօսքին վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ մեր դարաւոր եկեղեցւոյ քրիստոնէական ու ազգային առաքելութեանց վրայ, իբրեւ մեր հաւատքի բարձր բերդը, որ միաժամանակ ազգային հաստատութիւն է, յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս ծիրին մէջ մեր եկեղեցիներուն ու դպրոցներուն առաքելութեան ու Հայերէնի վերաշխուժացման նպատակով տարուող աշխատանքներուն, եւ բոլորը հրաւիրեց լիարժէք կերպով մասնակից ըլլալու Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութեան ու սերտ գործակցութեամբ նպաստելու մեր Թեմին աւելի եւս բարգաւաճման։ Ան մաղթեց, որ այս ժողովը ըլլայ նոր իրագործումներու մեկնակէտ, եւ եզրափակեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր գործակիցներուն եւ այս ժողովը հիւրընկալող Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան։

Բանաձեւի եւ քուէախոյզ յանձնախումբերու ընտրութենէն ետք, ժողովը հակիրճ զեկուցումներ լսեց ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներէն, որոնք ընդհանրապէս արտայայտուեցան այն աշխատանքներուն մասին, որոնք նպաստ կը բերեն թէ՛տուեալ ծուխին եւ թէ ընդհանրապէս մեր Թեմի ժողովրդանուէր գործունէութեան զարգացման։

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ Զեկուցումներէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ համաձայն սոյն ժողովի տարիներու բարի աւանդութեան, այս տարի եւս, Ազգ. Վարչութեան հետ համախորհուրդ, յատուկ պատիւի պիտի արժանացնէ երկու ազգայիններ, որոնք տասնամեակներ շարունակ լայն ծառայութիւն եւ նուիրեալ սպասարկութիւն ունեցած են մեր ժողովուրդին, սկսելով Միջին Արեւելքէն եւ այլ թեմերէ, հասնելով մինչեւ մեր Թեմը։ Առաջնորդ Սրբազանը, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետներուն ընկերակցութեամբ, յուշանուէրներով պատուեց Տեարք Զարեհ Մարգարեանն ու Վահէ Գրաճեանը, հակիրճ բացատրութիւններ տալով եկեղեցական ու մշակութային կեանքերուն մէջ անոնց ունեցած ծառայութիւններուն մասին։ Պարգեւատրեալները արտասանեցին շնորհակալութեան խօսք։

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲՈՂՈՔԻ ՆԱՄԱԿՆԵՐ Օրակարգի նախատեսուած հարցերուն քննարկումը շարունակելէ առաջ, ժողովը որոշեց հետեւեալ նամակները յղել.

Ա.- Շնորհակալական նամակ մը՝ Թեքսաս նահանգին, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Բ.- Բողոքի նամակներ՝ Ուաշինկթըն, արդարութեան նախարար Սեշընզի եւ պետական քարտուղար Թիլըրսընի, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան առիթով, անոր թիկնապահներուն գործած վայրագ յարձակումներուն դէմ։

Շարունակելով իր աշխատանքները, ժողովը լսեց գործադիր մարմիններու նիւթական եւ բարոյական գործառնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ, լսեց լուսաբանութիւններ, անոնց հիմամբ կատարեց միամեայ աշխատանքներուն ըստ էութեան քննարկումը եւ «յոյժ գնահատելի» բանաձեւը որդեգրեց Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան գործունէութեան մասին։

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ Օրակարգի յաջորդ կէտն էր յառաջիկայ Դեկտեմբեր 5-8, Անթիլիասի մէջ նախատեսուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին մեր Թեմի պատգամաւորներուն ընտրութիւնը։ Մեր Թեմը կ’ընտրէ 15 պատգամաւոր եւ 3 փոխ անդամ, վերջինները՝ այն պարագային, որ պատգամաւորներէն ոմանք չկարենան ատենին մասնակցիլ Ընդհանուր Ժողովին։

Միաձայնութեամբ պատգամաւոր ընտրուեցան հետեւեալները.- Վահէ Յովակիմեան, Կարօ Էշկիեան, Հրայր Պալեան, Կայծակ Զէյթլեան, Վահան Պզտիկեան, Ճորճ Չօրպաճեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Աւօ Քէշիշեան, Ճօ Սամուէլեան, Մարք Սրկ. Շիրին, Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Էլօ Պոյաճեան, Սեդա Դարբինեան, Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Խաչիկ Երէցեան, իսկ փոխ անդամ ընտրուեցան Դոկտ. Կարօ Յակոբեան, Ատրուշան Արմէնեան եւ Ռիմա Պօղոսեան։

Օրակարգի յաջորդ կէտերով, ժողովը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին յղելի առաջարկներու եւ ծրագիրներու մասին. յարմար նկատուեցաւ, որ յառաջիկայ ամիսներուն եւս, այս նպատակով խորհրդակցական հանդիպումներ կազմակերպուին։

Բ. ՕՐՈՒԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը իր աշխատանքները շարունակեց Շաբաթ, 20 Մայիսի առաւօտուն եւ առաջին հերթին, կարեւորութեամբ կանգ առաւ Վեհափառ Հայրապետէն հասած այն ուղեցոյցին վրայ, որ կը թելադրէ թեմական կեանքը վերակենսաւորել երկարաշունչ աշխատանքով։ Բաժին առ բաժին ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին գիրը եւ ժողովականները արտայայտեցին համապատասխան տեսակէտներ ու ծրագրային գաղափարներ։

Այնուհետեւ, ժողովը առաջարկներ ու թելադրանքներ արձանագրեց Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան յառաջիկայ տարեշրջանի աշխատանքներուն համար։ Նշուեցաւ, որ 2018 տարին Միացեալ նահանգներու Թեմի 60 ամեակն է, Արեւմտեան մեր Թեմի հիմնադրութեան 45-ամեակը, նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հարիւրամեակը, պէտք է բանիւ եւ գործով յիշատակել։ Աւելին, Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակն է, անհրաժեշտ է եկեղեցական ու ազգային այս տարեդարձները տօնակատարել պատշաճ շուքով եւ նախաձեռնութիւններով։

Ժողովը արձանագրեց նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի նախօրեակին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ յարկին տակ կայացած՝ հոգեւորականաց համագումարէն այս ժողովին փոխանցուող առաջարկները, ապա քննարկեց ու վաւերացուց յառաջիկայ տարուան պիւտճէի նախահաշիւը, կատարեց հաշուեքննիչ յանձնախումբի ընտրութիւնը, նկատի առաւ չնախատեսուած հարցեր եւ եզրափակեց իր աշխատանքները։

Դիւանին անունով, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան արտասանեց փակման խօսքը. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմի անդամներուն եւ մասնաւորաբար Առաջնորդ Սրբազանին, նաեւ ողջոյնի խօսք ՝ նոր միաբաններուն։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ, դիւանին, երեսփոխաններուն, որոնք ուշադրութեամբ հետեւեցան ժողովին, ողջունեց բոլորին շինիչ մասնակցութիւնը եւ շնորհաւորեց ընտրեալ պատգամաւորները։ Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն, երեսփոխանները հոգաբարձութեանց հետ միասին լծուին Վեհափառի ուղեցոյցին մարմնաւորման։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Տիքիճեանի՝ մասնաւորաբար սերտ գործակցութեան թելադրանքին համար, գնահատանք արձանագրեց անձնակազմին, վերջապէս, ողջունեց նոր միաբաններուն ներկայութիւնն ու յառաջիկայ աշխատանքերը։

Նստաշրջանը փակուեցաւ ժամը 1:30-ին, Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022