ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ »Ս. ՊՕՂՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ«Ի ՀԱՍՈՅԹԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ ԿþԸՆԷ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանն ու Ազգ. Վարչութիւնը այսու գոհունակութեամբ կը յայտնեն մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած՝ »Սարգիս Պօղոսեան Հիմնադրամ«ի հասոյթէն 2011-2012 տարեշրջանին համար հազարական տոլարի յատկացում կը կատարուի Ազգային Վարժարաններուն եւ Ֆրէզնոյի Չարլըզ Քէյեան Համագաղութային վարժարանին։

Այս հիմադրամը հաստատուած է հանգուցեալ բարերար Սարգիս Պօղոսեանի կողմէ ի յիշատակ իր կնոջ ու զաւակներուն։ Ըստ բարերարին փափաքին, այս հիմնադրամի դրամատնային հասոյթէն հաւասար կերպով յատկացումներ կը կատարուին մեր վարժարաններուն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022