Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Բանտային Ծառայութեան Ներկայացուցինչեր Այցելեցին Համբիկ Սասունեանին

Տնօրինութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Արեւմտեան Թեմի բանտային առաքելութեան ներկայացուցիչներ տասնամեակներէ ի վեր հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցեն Քալիֆորնիոյ տարածքին գտնուող հայ բանտարկեալներուն, ղեկավարութեամբ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։

Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2019-ին, Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեան այցելութիւն մը տուաւ Համբիկ Սասունեանին, աղօթելու, քաջալերելու եւ հոգեպէս սպառազինելու համար զինք։ Իսկ նախորդ օրը, նմանօրիկան այցելութիւն մը տուած էր Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022