Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Չորեքշաբթի, 4 Մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 11:‎‎30-էն սկսեալ, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի աւանդական Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Vertigo Event Venue» ճաշասրահին մէջ (400 W. Glenoaks Blvd.), հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեանբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։

Նախքան ճաշկերոյթը, առաւօտեան ժամը 10-ին, Արեւագալի ժամերգութիւն պիտի կատարուի Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան։

Մուտքի նուէրն է $50։ Տոմսերու համար դիմել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, հեռաձայնելով 818-248-7737 թիւին, կամ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022