Արեւմտեան Մեր Թեմը Քանատայի Մէջ Մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմերու Երիտասարդական Համախմբումին


Հովանաւորութեամբ Քանատայի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Ուրբաթ, 9 Յունիսէն Կիրակի, 11 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Երիտասարդական Համախմբում՝ IAWAH բանակավայրին մէջ, Քինկսթըն, Քանատա։

Քանատայի զանազան շրջաններէն մօտաւորապէս 100 երիտասարդներ մասնակցութիւն բերին տարեկան այս հաւաքին, որ տեղի կ’ունենար 7-րդ անգամ ըլլալով։ Այս հաւաքներուն նպատակն է երիտասարդները հաղորդակցութեան մէջ պահել Աստուծոյ պատգամներուն հետ ու անոնց միջեւ սերտ կապեր ստեղծել։

Այս տարի, համախմբումին մասնակցեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերէն երիտասարդներ։ Մեր Թեմին ներկայացուցիչներն էին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակի անդամներէն Մինաս Արիսեան եւ Ալինա Առաքելեան։

Ուրբաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան, հիւրընկալ Առաջնորդ Սրբազանին աղօթքով տեղի ունեցաւ հաւաքին բացումը։ Շաբաթ առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն. ապա տեղի ունեցան հոգեւոր խորհրդածութիւններ, դասախօսութիւններ եւ քննարկումներ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի, Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, Արժ. Տ. Փօլ Քհնյ. Կիրկիսի եւ Դոկտ. Ճորճ Սրկ. Լէյլէկեանի կողմէ։

Կիրակի առաւօտեան Ս. Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան։ Բաբգէն Սրբազան երիտասարդներուն իր պատգամը փոխանցեց։

Արարողութիւններուն ու դասախօսական հանդիպումներուն կողքին, երիտասարդները մասնակցութիւն բերին խաղերու, քայլարշաւներու, գեղարուեստական արտայայտութեանց եւ հաճելի ժամանցի այլ միջոցներու։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022