Ազգ. Առաջնորդարանը Լոյս Ընծայեց Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի Նորագոյն Գործը


Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը լոյս ընծայեց բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծական «Փախչիլ չկա՛յ քեզի, ո՛վ թուրք-24» գործը։

Հատորը կը բացուի Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի «Պատգամներ՝ Աստուծոյ եւ ազգի հաւատարիմ զաւակէն» խորագրեալ խօսքով։ Ողջունելով Բանաստեղծին գիրը, Առաջնորդ Սրբազանը կը նշէ, որ «ցեղասպան թուրքին իբրեւ պահանջատէր ներկայացող Բանաստեղծը միայն իր անունով չի խօսիր այս էջերուն, այլ անոր հետ կը խօսինք մենք, կը խօսի մէն մի հայ, վերանորոգելով պահանջատիրական եւ աննահանջ պայքարի ուխտը։ Մայրենիին հանդէպ սիրոյ եւ երկիւղած հոգածութեան արտայայտութիւններն ալ լոկ սոսկ անձնական զգացումներ չեն, այլ այս բանաստեղծութիւններուն իւրաքանչիւր տողը արձագանգն է Արարատին ու մայրենիին հաւատարիմ հայորդիներուն, անժամանցելի պատգամ՝ նորահաս սերունդներուն», ու կ’աւելցնէ, որ անոր էջերէն բխող հայրենասիրութիւնն ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայի փորձառութիւնը զինք սիրելի ու յարգանքի արժանի կը դարձնեն բոլորիս։

Հատորէն օրինակներ կարելի է ունենալ Ազգ. Առաջնորդարանէն եւ մեր եկեղեցիներէն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022