“Ուիլիըմ Սարոյեան, Մարդը եւ Գործը” Վաւերագրական Ժապաւէնը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին Տակ


Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահը Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015ի երեկոյեան ժամադրավայրը եղաւ ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի գրական արուեստին ու միտքի արգասիքներուն համակիր մշակութասէր հանրութեան մը, որ ընդառաջած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեան եւ ներկայ եղաւ անոր նուիրուած “Ուիլիըմ Սարոյեան. Մարդը եւ Գործը” վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութեան:

Յանձնախումբը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ծրագիրներուն ծիրին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ երեկոյին եւ հովանաւորեց ձեռնարկը: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգային Վարչութեան անդամներ եւ շուրջ 150 հանդիսականներ:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնը պատրաստած է Տիար Փօլ Քալինեան, իսկ արտադրիչն է դուստրը՝ Դոկտ. Սիւզի Քալինեան: Անոնք անձամբ կատարեցին ներկայացումը: Ժապաւէնը լուսարձակի տակ կը բերէ աշխարհահռչակ գրողին կեանքը՝ մանկութենէն սկսեալ, մինչեւ հռչակի տիրացումը, վեր առնելով շուրջ 60 տարիներու վրայ երկարող վաստակը, նկարագրային գիծերը եւ մտածումներու աշխարհը: Անիկա կ’արտացոլայ Սարոյեանի հայկական պատկանելիութիւնն ու մարդկայնութիւնը, որոնք զինք հասցուցած են գրական բարձունքներու եւ մրցանակներու: Ժապաւէնին ներկայացման մասնակից եղած են նոյնինքն Սարոյեան, ինչպէս նաեւ ֆիլմարուեստի աշխարհի նշանաւոր աստղերէն Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան): Հանդիսականները հաղորդակից եղան Սարոյեանի մեծութեան…

Երեկոն բացուեցաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգներով։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Փօլ եւ Սիւզ Քալինեանները։ Ժապաւէնին ցուցադրումէն ետք, խօսք առին հեղինակն ու արտադրիչը, որոնք նաեւ պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն։

Փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը, հանդիսավարը, բայց մանաւանդ ժապաւէնին հեղինակն ու արտադրիչը. “Ժապաւէնին մէջ, նոյնինքն Սարոյեան մեզի խօսեցաւ իր արմատներուն, կերտած վաստակին ու կեանքի փիլիսոփայութեան մասին: Ժապաւէնին ընդմէջէն, մենք Սարոյեանը ճանչցանք իբրեւ մարդ, գրող, փիլիսոփայ եւ մարդկային ապրումներով յորդող մարդ, հայկական իր արմատներուն հաւատարիմ հայորդի”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ յաջողութիւն մաղթեց հեղինակին ու արտադրիչին մշակութանուէր աշխատանքին: Ան նաեւ յուշանուէներ յանձնեց յարգելի արուստագէտներուն, իսկ ներկայ հանդիսականներուն նուէր տրուեցան Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով լոյս ընծայուած որմազդէն օրինակներ, որոնք կը կրեն հայ ժողովուրդի վերապրումն ու կենսունակութիւնը դրուատող Սարոյեանի պատմական խօսքը։

Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Նշենք, որ ժապաւէնը յաջորդական երկու օրերու ընթացքին, Ապրիլ 8ին եւ 9ին, ցուցադրուեցաւ նաեւ Ազգային երեք երկրորդական վարժարաններուն մէջ, սիրալիր ընդունելութիւն գտնելով մեր պատանիներուն կողմէ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022