Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, անցեալ շաբաթավերջին, տեղի ունեցան Պոլսոյ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակի ոգեկոչում եւ հոգեհանգիստ՝ սպանութեան 11-րդ տարեդարձին առիթով։
Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, որուն յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի՝ ներկայ եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Բացման խօսքը արտասանեց Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, հանդիսավարն էր միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Էտվին Մինասեան։ Ելոյթ ունեցան ամերիկեան տարբեր համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող թուրք դասախօսներ, որոնք լուսարձակի տակ առին Թուրքիոյ վարչակարգին բռնատիրական բնոյթը, այլամերժութիւնն ու հայկական Ցեղասպանութենէն դար մը ետք անոր վերաբերմունքը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ կլոր սեղանի շուրջ քննարկում։
Պահպանելով իր վերջին տարիներու աւանդութիւնը, միութեան վարչութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան տարեկան շքանշան»ով պատուեց Տինքի դասընկերներէն ու գաղափարակիցներէն Սարգիս Հացպանեանի, որ հիւանդութեան պատճառով բացակայ էր (ան նոյն օրը մահացաւ Փարիզի մէջ)։
Նոյն օրը, կէսօրին, նմանապէս Տինքի յիշատակին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ։ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան մասնակցեցաւ արարողութեան, ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազանը։