Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 44-րդ «Նաւասարդեան» խաղերու փակման հանդիսութիւնն ու տողանցքը բազմահազար հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցան Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզաւանին մէջ, պատուոյ նախագահութեամբ՝ Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլին։ Ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, նախկին Առաջնորդներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչներ, Ազգ. Կեդրոնական եւ Ազգ. Վարչութեանց եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատու մարմիններու անդամներ, եւ Նաւասարդեան 44-րդ մարզախաղերու Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի պատիւին արժանացած՝ Տիար Վարդգէս Շըխըրտըմեան։
Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազանին, Պատուոյ նախագահ ամոլին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Յակոբ Թիւֆէնքճեանին, եւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Վարդգէս Շըխըրտըմեանին մուտքով, որուն հետեւեցաւ դրօշակի արարողութիւնը։ Խօսք առին Գոնկրէսական՝ Պրէտ Շըրմըն, որ գնահատանքի խօսքեր արտասանեց ընդհանրապէս հայութեան եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ին մասին։ Շրջ. Վարչութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց փոխ ատենապետ՝ Տիար Սեւակ Կարապետեան, ապա Կեդր. Վարչութեան անդամ՝ Տիար Վիգէն Դաւիթեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամն ու օրհնութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է, այս տարի եւս համախմբուելու ազգային հպարտութիւն առթող, 101-ամեայ մարզական այս մեծ միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպած 44-րդ Նաւասարդեանին առթիւ։ Ան ողջունեց բոլոր ներկաներն ու ներկայացուցչական դէմքերը եւ խօսելով այս միութեան պատմական առաքելութեան մասին, ան շեշտեց, որ «Յաղթանակի նոր էջ մըն ալ կու գայ աւելնալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմագրութեան խրոխտ էջերուն, երբ բոլորս ականատես կը դառնանք այս մարզական միութեան պատմակերտ առաքելութեան, նոր ոգորումներով հարստացնելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փառապանծ էջերը, որոնք կը բաբախեն երիտասարդական խայտանքով եւ ամբողջական նուիրումով»։
Այս հանդիսութիւնը նկատելով նոր նուաճում մը, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մեր գաղութի զաւակներուն համար տօնախմբութեան վերածուած եւ անցեալի ուխտի օրերը յիշեցնող այս հաւաքները, աներկբայօրէն կը հետապնդեն միասնութեան եւ բռնցքուելու նպատակները, քաջ գիտնալով, որ ո՛չ միայն Նաւասարդեան օրերու պարուրանքը կը վերապրինք, այլ անհամբեր կը սպասենք հանդիպելու այս խաչմերուկին, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկներն ու սկաուտական շարքերը մեզ ի մի կը բերեն Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին Հ.
buy clomid online https://rxbuywithoutprescriptiononline.net/clomid.html no prescription
Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած այս փառատօնին, որ հաւաքական կամքի եւ աշխատանքի արդիւնք է ։
Վեր առնելով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անփոխարինելի տեղ ունեցող Հ.Մ.Ը.Մ.ին դերը ան յիշեցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանը խօսուն վկայութիւնն է իր հաւատամքին՝ «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր»ը իր խորքային իմաստով, կը կենսաւորուի իւրաքանչիւրին սրտին ու հոգիին մէջ, իբր դրոշմ, որ կ՛արտացոլայ անոնց վարքագիծին եւ կեանքին վրայ, միշտ նո՛ր աւիշով կենսաւորելով սկաուտ-արծուիկներու հոգիներն ու մտքերը։
Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Հայ ժողովուրդին այնքան հոգեհարազատ այս մարմնակրթական միութիւնը` իր 101 տարիներու ծառայութեան ընթացքին մնաց անշեղ ու հաւատարիմ՝ իր դաւանած սկզբունքներուն, «Մի՛շտ Պատրա՛ստ»ը դարձնելով կեանքի ուղեցոյց եւ տեսլական։ Հայ ժողովուրդին քրիստոնէական եւ մարդկային առաքինութիւններ փոխանցող եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող վեհ այս կազմակերպութիւնը միշտ բարձրանալու եւ բարձրացնելու իր ճիգին մէջ, հայ ժողովուրդին շնորհեց, նորանոր բարձունքներ նուաճելու անկոտրում կամքն ու անյողդողդ ոգին։
Պաշտօնական խօսքերէն ետք, սկսաւ յաղթական տողանցքը։ Աւելի քան քսան մասնաճիւղերէ եկած մարզիկներու եւ սկաուտներու շարքին, տողանցքին մասնակցեցան յատուկ հոգածութեան արժանացող պատանիներու «Հրաշք» խումբը։ Աւարտին, տեղի ունեցաւ բաժակներու տուչութիւն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՐՊԱԿՆԵՐԸ
Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանին եւ պատուոյ նախագահ Տիար Կարօ Էշկիեանին եւ տիկնոջ՝ Սօսէին, Ուրբաթ, 5 Յուլիսին յետմիջօրէին այցելեց «Նաւասարդեան»ներու կրպակները եւ դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային եւ կարգ մը մասնաճիւղերու ու գործակից միաւորներու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Առաջնորդ Սրբազանն ու նախագահը գնահատանքով արտայայտուեցան ծառայողներու նուիրումին մասին, ապա հանդիպում ունեցան մարզական կարգ մը խումբերու հետ եւ հարցազրոյց ունեցան USArmenia-ի լրագրողին հետ։