Վերջին Օծում՝ Հոգելոյս Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանի

Արեւմտեան մեր Թեմն ու հաւատացեալ ժողովուրդը Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2017-ին վերջին յարգանքը մատուցեցին բազմավաստակ հոգեւորականի մը՝ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանին, որ աւելի քան 60 տարիներ ծառայեց Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Դպրոցին ու մեր ժողովուրդին, կերտեց պատկառելի վաստակ, վայելեց մեր ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը, եւ իր երկրաւոր կեանքը կնքեց Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին։

Վախճանեալ Քահանայ Հօր վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի ունեցան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, ձեռամբ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ աղօթակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու։ Արարողութեան մասնակից եղաւ նաեւ Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հայրերու։ Ս. Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։

Առաջնորդ Սրբազանը Սրբալոյս Միւռոնով եւ մեր եկեղեցւոյ կարգով կատարեց վերջին օծումը։ Արարողութեան աւարտին, ընթերցուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր.
buy sinequan online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/sinequan.html no prescription

Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի ցաւակցական գիրերը։ Նշենք, որ վախճանեալ քահանայ հայրը, իբրեւ ուսուցիչ եւ հոգեւորական, ծառայած է Այնճարի, ապա նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի վեց եկեղեցիներու ծխական համայնքներուն։

Դամբանականը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Տ. Նարեկ Քահանայի կեանքի ուղեւորութիւնն ու նուիրեալ աշխատանքով կերտուած վաստակը։ Իբրեւ առաջնորդող մտածում՝ ան մէջբերեց Կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոս Առաքեալի նամակին 15-րդ գլուխի 58-րդ համարը, որ կ’ըսէ. «Ամուր եւ հաստատուն մնացէք, միշտ աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար, գիտնալով, որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ»։ Ան նշեց, որ այսօր, տրտմութեամբ լեցուն սրտով հաւաքուած ենք այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, վերջին յարգանը մատուցանելու Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանին, որ հեղինակաւոր անհատականութիւն էր եւ նուիրեալ հոգեւորական։ Ան իր կեանքը կերտեց մեր եկեղեցւոյ եւ հայկական ուսումնարաններուն ծառայութեան ճամբով, եղաւ ընտանեսէր հայր ու ամուսին։ Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ վախճանեալ Քահանայ Հօր նկարագրային հիմնական գիծերը, ընդգծելով, որ ան հաւատացեալ, քաջ, յանձնառու, չարքաշ ու հետեւողական մշակ մըն էր ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ։ Ան եղաւ եկեղեցաշէն եւ դպրոցաշէն, սկսելով Այնճարէն մինչեւ Արեւմտեան մեր Թեմը, ծառայեց Թեմիս ծխական 6 համայնքներու, մնաց Կիլիկեան Ս. Աթոռին հաւատարիմ առաքեալը, եղաւ կարգապահ, եւ կարգապահութիւն ներշնչեց գործակիցներուն, իր հօտը առաջնորդեց իբրեւ քաջ հովիւ։ Ան թէեւ ֆիզիքապէս կը բաժնուի մեզմէ, սակայն իր ետին կը թողու գեղեցիկ եւ մնայուն ժառանգութիւն մը, նաեւ կեանքի վաստակէն բխած յիշատակներ, որոնք մեզի հետ պիտի մնան ընդմիշտ։

Տ. Նարեկ Քահանային վերջին հրաժեշտի այս պահը, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականներուս համար ուխտի վերանորոգման օր է, որպէսզի մենք եւս, վախճանեալ քահանայ հօր կերտած վաստակին հետեւողութեամբ վերակենսաւորենք մեր ծառայական առաքելութիւնը եւ շարունակենք սպասարկել մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին։ Այս առիթով, ան յանուն մեր Թեմին մէջ ծառայող միաբաններուն, հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ ցաւակցութիւն յայտնեց վախճանեալ Քահանայ Հօր զաւակներուն՝ Ցոլակի, Նեկտարի, Սալբիի, Նայիրիի, քրոջ՝ Սօսիի եւ անոնց ընտանեկան հարազատներուն, նշելով որ, Յոբի խօսքերով՝ Տէր Հայրը իր կեանքը կը կնքէ իբրեւ հասուն եւ արդիւնաբեր հասկ, ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ վախճանեալ Քահանայ Հօր յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ Երկնային Արքայութեան մէջ, ուր պիտի վերամիանայ Երէցկին Պայծառի եւ իրմէ բաժնուած զաւակներուն։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, վախճանեալ Քահանայ Հօր մարմինը փոխադրուեցաւ եւ վերջնական հանգիստի համար ամփոփուեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022