Կիրակի, 24 Փետրուարի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 128-ամեակի տօնակատարութիւնը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ տօնակատարութեան։ Ներկայ էին նաեւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասու, Ազգ. Կեդր. վարչութեան ու Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ։ Բացման ու Հ.Ե.Դ.-ի խօսքը արտասանեց Օր. Միրնա Գասամանեան, որ նաեւ վարեց յայտագիրը։ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի խօսքը ներկայացուց Տիար Մելքոն Մելքոնեան։ Տեղի ունեցաւ Հ.Ե.Դ. պատանեկան միութեան անդամներու խոստումի արարողութիւնը։ Հ.Յ.Դ. ընտանիքէն առյաւէտ բաժնուած ընկերներուն յիշատակին, «Հեռացած Ընկերներ» տեսերիզի մը ընդմէջէն ցուցադրուեցան անոնց պատկերները։ «Ապագայի Խոստում» խորագիրով տեսերիզի ներկայացումը պատրաստուած էր Հ.Ե.Դ.ի անդամներուն կողմէ։
Գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին «Արարատ» պարային համոյթը, երգիչ «Մակիչ»ը (Մկրտիչ Մկրտչեան) եւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Վարժարանի երկրորդականի երգչախումբը, որոնք ներկայացուցին հայրենասիրական երգերու փունջ մը։