Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 14 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հանրային վարժարանի սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ հոգեւոր հայրեր։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ։
Հանդիսութիւնը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Օրուան հանդիսավարն էր Դոկտ. Սիւզի Օհանեան։ Երիտասարդութեան անունով խօսք արտասանեց Փաթիլ Տէրտէրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէին անունով խօսք առաւ Տիար Կարօ Իսբէնճեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան։
Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցութիւն բերին Համազգայինի «Անի» պարախումբը, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի երգչախումբը, Գառնիկ Սարգիսեան, Դրօ Գրիգորեան եւ Էդգար Յակոբեանի նուագախումբը։ Ցուցադրուեցաւ Հ.Ե.Դ. կրտսերներու մասին տեսաերիզ մը, ինչպէս նաեւ հեռացած ընկերներու յիշատակի յարգանք։