Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ 2018-ի կէսօրին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հայերէն լեզուի, մեր մշակոյթին ու քրիստոնէական հաւատքին հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգեցին խօսքով եւ գործքով։
Վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Օր. Սանան Շիրինեանի, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եւ ծնողներու ընկերակցութեամբ, աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Ս.
buy symbicort online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/us/symbicort.html no prescription
Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Նորթ Հոլիվուտի ծխական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեան։ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, հոգեւոր հայրերն ու հիւրերը ունեցան աղօթքի պահ մը. միասնաբար երգեցին «Հայ Մեր»ը, ապա, հոգեւոր հայրերը երգեցին սրբադասեալ նահատակներուն ձօնուած շարականը, որուն մասին Առաջնորդ Սրբազանը տուաւ հակիրճ բացատրութիւն։
Աշակերտները առաջնորդուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ կանգնած նահատակաց յուշակոթողը, ուր երգեցին «Կիլիկիա»ն ու ծաղկեփունջ մը ձօնեցին նահատակներուն։ Ապա, անոնք համախմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հիւրընկալներուն ներկայացուցին գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիրը մը. երեք աշակերտներ յաջորդաբար խօսք առնելով՝ յայտնեցին, թէ Ազգ. Առաջնորդարան եկած են իբրեւ այս տան ու Ս. Մեսրոպի հարազատ զաւակները, կը վերանորոգեն մեր լեզուին, մշակոյթին ու հաւատքին հաւատարմութեան ուխտը, եւ բարի մաղթանքներ կատարեցին Առաջնորդ Սրբազանին, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալման համար։ Ապա, բոլորը արտասանեցին Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, աշակերտ մը արտասանեց Վարուժանի «Ձօն»ը, իսկ երկու աշակերտ՝ Նալպանտեանի «Ազատութիւն»ը։ Վերջին բաժինով, խումբը երգեց հայրենասիրական երկու երգ։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ գնահատանք արձանագրելով ներկայացուցած կոկիկ յայտագիրին մասին, գոհունակութիւն յայտնեց, որ աշակերտները կը խոստանան հաւատարիմ մնալ մեր լեզուին, մշակոյթին ու հաւատքին, արտասանութեամբ ու երգով կը վկայեն, թէ զաւակներն եւ մեր եկեղեցւոյ ու մայր հայրենիքին։ Ան յայտնեց, որ վերջին շաբթուան ընթացքին, ազգային երեք այլ վարժարաններու աշակերտներ եւս այցելած են Ազգ. Առաջնորդարան ու նոյն ուխտը վերանորոգած են, ու յորդորեց, որ աշակերտները խօսին հայերէն, յարգեն քիչ առաջ իրենց տուած խոստումը, որովհետեւ խոստումը յարգողը կը վայելէ յարգանք։ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս վարժարանը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի, որովհետեւ տարիներ առաջ իբրեւ ուսուցիչ ծառայած է անոր յարկին տակ, ուրախ է, որ այդ օրերու աշակերտներ այժմ իբրեւ ծնողներ կը մնան վարժարանի յարկին մօտիկ եւ իրենց կատարած ուխտին հաւատարիմ են։ Ան օրհնեց աշակերտները, տնօրէնուհին, ուսուցիչներն ու ծնողները, եւ աշակերտներուն թելադրեց երախտապարտ ըլլալ անոնց, ու իր խօսքը աւարտեց յիշեցնելով, որ այս տարի կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը, իսկ քանի մը օր առաջ, յիշատակեցինք սրբադասեալ նահատակները եւ վերանորոգեցինք անոնց կտակին տէր կանգնելու մեր ուխտը։
Հանդիպումը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազանին «Պահպանիչ»ով եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։