Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2016ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն:
Հիւր ներկայացուցիչները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ շրջանի մը համար վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ Թեմիս մէջ երկարամեայ ծառայութեան առիթներով: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Ազգ. Առաջնորդարանին եւ այս ընկերակցութեան միջեւ գործակցութեան դաշտերուն եւ զանոնք զարգացնելու կարելիութեանց մասին: Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի յարաբերութեանց ու հայրենանպաստ ծառայութիւններու ծաւալման միջոցներուն մասին: Անդրադարձ եղաւ նաեւ, Սիսի պատմական Աթոռի կալուածներուն վերատիրացման նպատակով, Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատին: Հիւր ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրենց ծառայութիւնը ի սպաս դնելու այս աշխատանքին:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց Հայ Իրաւաբաններու ընկերակցութեան գործունէութիւնը, որ ունի նաեւ ազգային ծառայութեան բազմաթիւ գիծեր, եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ծրագիրներուն: