Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 16 Փետրուար 2016ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի »Սիւլահեան« դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիկին Մարալ Մաթոսեանի եւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Պէքի Պէրպէրեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ կարճ ատեն մը առաջ հասած էր Լոս Անճելըս, 21 Փետրուարին նախատեսուած Սուրիահայութեան զօրակցութեան ի նպաստ թելեթոնին առիթով. ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիւանեան:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան մեր գաղութի կարգ մը անմիջական հարցերուն վրայ: ՀՕՄի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը դէմ յանդիման կը գտնուի որոշ մարտահրաւէրներու, որոնց լուծման համար կարիքը ունի բոլորի գործակցութեան ու զօրակցութեան: Առաջնորդ Սրբազանը վերահաստատեց Ազգ. Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը, այս ու նմանօրինակ ազգօգուտ աշխատանքներու, շեշտելով գործակցական կապերու աւելի եւս խորացումը:
Շահան Սրբազանը, իր այս այցելութեան սկզբնաւորութեան, առաջին առիթը ունեցաւ ուղղակի լուսաբանութիւններ տալու Սուրիոյ հայութեան ու մասնաւորաբար Հալէպի դիմագրաւած ծանր վիճակներուն մասին, մանաւանդ որ քանի մը օր առաջ, ՀՕՄի Հալէպի ընկերային ծառայութեան կեդրոնը ռումբեր ստացած էր ու ծանրօրէն վնասուած:
Արձանագրուեցաւ նաեւ, որ Կիրակի, 28 Փետրուարին, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, մեր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄի ննջեցեալներուն յիշատակին:
Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող բոլոր միաւորներուն, եւ հիւր վարչականներուն հրաժեշտ տուաւ յուշանուէրներով: