Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղաւ հաւաքին, կատարեց բացման աղօթքը եւ աշակերտներուն խօսեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման մասին, նշելով, որ իրենց կը դիմենք որպէսզի բարեխօս ըլլան Աստուծոյ մօտ։
Աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն աւարտին ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ։