Ուրբաթ, 26 Յունուար 2018-ի յետմիջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, կողքին ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը, ընդունեց այցելութիւնը Արցախի քառօրեայ պատերազմի հերոսներէն՝ Մարատ Պետրոսեանի եւ Նարեկ Մալխասեանի, որոնք արժանացած են Հայաստանի «Մարտական Խաչ» եւ Արցախի «Արիութեան Մետալ» ռազմական բարձրագոյն պարգեւներուն։
Յարգարժան հիւրերը Լոս Անճելըս կը գտնուին մասնակցելու համար Ազգային Բանակի հիմնադրութեան 26-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Յունուար 2018-ին, հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան։ Անոնց կ’ընկերանային Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանն ու Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեանը։
Առաջնորդ Սրբազանը ջերմօրէն ողջունեց հերոսները, գնահատեց անոնց սխրագործութիւններն ու նուիրումը հայրենիքին։ Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք ներկաները այցելեցին «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան համար եւ օրհնեց հերոսները։
Այցելութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն։