ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ 40ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻՆ – ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ.ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 40րդ ընթացիկ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 եւ Շաբաթ, 21 Ապրիլ 2012ին, Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգաբարձւոթեան։ Ժողովը քննարկեց Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժոօղովին ու Ազգային Վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը, կատարեց իր գնահատականը, մշակեց յառաջիկայ տարուան աշխատանքի ծրագիրը։

40րդ նստաշրջանի օրակարգին վրայ էին թեմակալ Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները։ Առաջին օրուան նիստերու աւարտին, Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հինգերորդ քառամեակի մը համար միաձայնութեամբ վերընտրուեցաւ Թեմի Առաջնորդ, իսկ երկրորդ օրուան նիստերու աւարտին, տեղի ունեցան Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւնները։ Երկու կազմերն ալ ընտրուեցան միաձայնութեամբ։

ԲԱՑՈՒՄ 40ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԻ

Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 40րդ նստաշրջանը բացուեցաւ Ուրբաթ յետմիջօրէի ժամը 3ին, հաւաքական աղօթքով, զոր առաջնորդեցին Առաջորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը։

Առաջնորդ Սրբազանը բացուած յայտարարեց Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի 40րդ նստաշրջանը։ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան ընթերցեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքն ու պատգամը, ուղղուած՝ ժողովին։

Վեհափառ Հայրապետը, որ գրած էր Ժընեւէն, ժողովականները ողջունելու կողքին, նկատել կու տար, որ այս ժողովը կոչուած է քննարկելու եւ գնահատանք արձանագրելու անցեալ մէկ տարուան աշխատանքին մասին եւ ծրագրելու նորը։ Վեհափառ Հայրապետը կþանդրադառնար նաեւ մեր Թեմի վերջին շրջանի դժուարութիւններուն ու կը յորդորէր, որ երեսփոխաններն ու ժողովականները իրապաշտ մօտեցումով քննարկեն մարտահրաւէրները, ի մտի ունենալով ծառայելու եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին յանձնառութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատանք կþարձանագրէր ժողովականներուն ու յաջողութիւն կը մաղթէր այս ժողովի աշխատանքներուն։

Այնուհետեւ, ժողովը կատարեց առժամեայ դիւանի ընտրութիւնը։ Իբրեւ երիցագոյն անդամ, ատենապետ ընտրուեցաւ Տեարք Սարգիս Եկէնեան, իսկ իբրեւ կրտսերագոյն անդամ՝ ատենադպիր ընտրուեցաւ Տիար Շիրազ Սաւոյեան։

Երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը ներկայ էր ժողովի բոլոր նիստերուն, ապահովելով նստաշրջանի օրինականութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ ծխական բոլոր շրջաններուն Հոգեւոր հովիւները, Ազգային Կեդր. Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց ատենապետներ, Ազգ. վարժարաններու Տնօրէններ ու մանկամսուրներու վարիչներ, ինչպէս նաեւ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու հարցերով զբաղող յանձնախումբին՝ CASPSի ներկայացուցիչները։

Տիար ատենապետը հրաւիրեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեանը, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը։ Տիար Տիքիճեան ողջունեց ժողովականները, նշեց, որ այս ժողովը կը գումարուի Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան ստեղծած լաւ մթնոլորտէն ետք, ինչպէս նաեւ մեր Թեմին համար կարեւոր հանգրուանի մը, երբ անհրաժեշտ է բնականոն աշխատանքի վերահաստատման ու նոր փուլը միասնական ճիգերով թեւակոխելու պահանջը։ Ան Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամի հանգամանքով հրաւիրեց ժողովականները, որ խոր գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեան մակարդակին վրայ հասնին որոշումներու, ի խնդիր դժուարութեանց հարթումին ու նոր վերելքի իրագործման։ Տիար Խ. Տիքիճեան նշեց, որ մեր Թեմին դիմաց կան բազմաթիւ աշխատանքներ, որոնք յատուկ ուշադրութեան կը կարօտին, ինչպէս՝ նոր հոգեւորականներու պատրաստութիւնը, կրթական համակարգի հզօրացումը, երիտասարդներու ներգրաւումը մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, ու ծխական շրջաններու աշխուժացումը։ Ողջոյնի իր խօսքը արտասանեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։ Ան անդրադարձաւ Ազգ. Վարչութեան ծիրին մէջ իր վերջին երկու տարիներու փորձառութեանց ու յատկապէս վերջին մէկ տարուան աշխատանքներուն, վեր առնելով Վեհափառ այցելութեան ու յաջորդած զարգացումներուն ներգործութիւնը՝ տարուած աշխատանքներուն վրայ։ Ան յոյս յայտնեց, որ աշխատանքի բնականոն ընթացքը շարունակուի ի խնդիր Թեմի վերելքին, ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Վարչութեան անդամներուն, յատկապէս Հայրապետական այցելութեան առիթով եւ ընդհանրապէս Ազգ. Վարչութեան աշխատանքներուն նեցուկ ու գործակից եղողներուն, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, յանձնախումբի ու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին, իրենց գործակցութեան ու ներդրումներուն համար։

Հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Շիրազ Սաւոյեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, յաջողութիւն մաղթելով ժողովի աշխատանքներուն։

Ապա, Տիար Ատենապետը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ ուղղելու իր պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթ ընծայած է տարի մը եւս ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ իր հետեւողական հոգածութեան կողքին, անցեալ Հոկտեմբերին, մեր Թեմը պատուեց հովուապետական այցելութեամբ մը։ Ան անդրադարձաւ Նորին Ս. Օծութեան այցելութեան գլխաւոր նպատակներուն ու անոնց իրագործման համար տարուած աշխատանքներուն, վեր առնելով Երեսփոխանական Ժողովի անդամներուն թէ յանձնախումբերուն, հոգաբարձութեանց ու բոլոր գործակիցներուն դերն ու ներդրումը։ Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան երկու անդամներուն՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեանի ու Վահէ Եագուպեանի, որոնք յանձն առած էին հովուապետական այցելութեան առիթով կազմուած Կեդրոնական Գործադիր Մարմինի ատենապետութեան պատասխանատու պաշտօնը։

Խօսելով աշխատանքի տարուան այլ երեսներուն մասին, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ այն զարգացումներուն, որոնք վերջին ամիսներուն իւրայատուկ վիճակ ստեղծեցին մեր Թեմին մէջ ու խլեցին այլապէս օգտաշատ գործունէութեան ժամանակէն կարեւոր բաժին, մաղթելով, որ աշխատանքները վերագտնեն բնականոն ու արդիւնաւոր աշխատանքի հունը։

Անդրադառնալով տարբեր մարզերու մէջ տարուած աշխատանքներուն, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց կատարուած իրագործումներուն մասին, սակայն նաեւ ակնարկութիւն ըրաւ տնտեսական դժուարութեանց ու անոնց ազդեցութիւններուն, եկեղեցիներու թէ դպրոցներու կեանքին վրայ, միաժամանակ ողջունելով այն շրջանները, որոնք արտակարգ կացութիւնները կը դիմագրաւեն ընթացիկէ անդին անցնող գործունէութեամբ եւ լուծումներ գտնելու հետամուտ ըլլալով։

Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ մեր Թեմի որոշ կարիքներուն, ինչպէս՝ քահանայից պատրաստութեան ու յարակից աշխատանքներու. ան հակիրճ լուսաբանութիւններ տուաւ այս ու նմանօրինակ հարցերու լուծման քայլերու մասին, իսկ նկատել տալով, որ այս ժողովը օրակարգի վրայ ունի ընտրութեանց հարցեր, ան գնահատանքի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգ. Վարչութեան անդամներուն, յատկապէս անոնց՝ որ կանոնագրային տրամադրութեանց համաձայն վերընտրելի չեն, յոյս յայտնելով, որ անոնք շարունակեն իրենց օգտաշատ ներդրումը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը ժողովականներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն իրողութեան վրայ, որ յառաջիկայ տարի, պիտի նշենք Արեւմտեան մեր Թեմի անկախ թեմական կեանքի 40րդ տարեդարձը։ Ան անդրադարձաւ մեր Թեմի ապրած աճին ու յառաջիկայ հեռանկարներուն, ապա, Պետրոս Առաքեալի Ընդհանրական նամակէն մէջբերում մը կատարելով, կոչ ուղղեց ժողովականներուն, որ յառաջիկայ աշխատանքները շարունակուին բարի տրամադրութիւններով, փոխադարձ գործակցութեամբ, եղբայրական զգացումներով ու Քրիստոսի զաւակները ըլլալու կամքով։

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուրախութեամբ յայտարարեց, թէ մեր ազգային վարժարաններուն կատարուած է նիւթական բացառիկ նոր յատկացում մը։ (Այս մասին Ազգ. Առաջնորդարանը լոյս պիտի ընծայէ առանձին հաղորդագրութիւն մը)։

Շարունակելով իր աշխատանքները, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւանը։ Ատենապետ ընտրուեցան Տեարք Նազարէթ Ծատուրեան եւ Տոքթ. Կարօ Յակոբեան, իսկ ատենադպիր՝ Տեարք Հրայր Ճերմակեան եւ Խաչիկ Թիթիզեան։ Տեղի ունեցան նաեւ բանաձեւի ու քուէախոյզ յանձնախումբերու ընտրութիւնը։ Բանաձեւի յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան Տեարք Վարուժան Տէր Սիմոնեան, Ժոռա Մանուչարեան եւ Ներսէս Դշոյեան, իսկ քուէախոյզ յանձնախումբի անդամ ընտրուեցան Տեարք Յակոբ Ջաղացպանեան, Մարք Սրկ. Շիրին եւ Շիրազ Սաւոյեան։

Օրակարգի յաջորդ կէտով, ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց եւ ծխական յանձնախումբերու ատենապետները տուին հակիրճ զեկուցումներ՝ իրենց աշխատանքի տարբեր մարզերուն՝ եկեղեցական-եկեղեցաշինական, երիտասարդական, տիկնանց միութեանց, դպրաց դասերու, կիրակնօրեայ դպրոցներու, անդամներու յաւելման, արդի արհեստագիտութեան օգտագործման, դասախօսական, կրօնական նիւթերով ժապաւէններու ցուցադրութեան, եւ այլ բնոյթի ձեռնարկներու մասին, վեր առնուեցան իրագործումներ, մտահոգութիւններ եւ յառաջիկայի ծրագիրներ։

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ ՐԱՖՖԻ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ

Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ հաւատարիմ մնալով Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի աւանդութեանց, այս տարի յատուկ պատիւի պիտի արժանանայ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Տիար Րաֆֆի Թորոսեանը, որ աւելի քան 40 տարիներու կեանք ունի մեր եկեղեցւոյ եւ Կիրակնօրեայի յարկին տակ, իբրեւ աշակերտ, ուսուցիչ ու տեսուչ։ Առաջնորդ Սրբազանը, Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան ատենապետներուն հետ միասին, գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց մեծարեալին։ Ներկայ էին անոր մայրն ու Տիկինը։

Տիար Րաֆֆի Թորոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս անակնկալ պատիւին համար։ Ան պատմեց թէ ինչ պայմաններու մէջ, հոգեւոր գիրքի մը ընթերցումին ճամբով, մանկութեան օրերուն իր քայլերը ուղղուած են Կիրակնօրեայ դպրոց։ Ան խօսեցաւ Պէյրութի ու Լոս Անճելըսի մէջ իր ծառայութիւններուն մասին, ու շեշտեց, թէ ծառայութեան հոգին գրաւականն է երկարատեւ ծառայութեան, համոզում յայտնեց, որ այս սրահին մէջ եղողներն ալ ծառայութեան նոյն ոգիով կը գործեն, ու իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղելով Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. Վարչութեան, ուխտելով նոյն ոգիով շարունակել իր նուիրեալ ծառայութիւնը։

Ժողովը այնուհետեւ յաւելեալ ծանօթութիւններ ստացաւ Ազգ. Վարչութեան գործունէութեան մասին, քննարկեց հաշուական ու պիւտճէական հարցեր, զեկուցում լսեց նաեւ Ազգ. Վարժարաններու հարցերուն ու աշխատանքներուն մասին, ուղղուած հարցումներուն տրուեցան լուսաբանութիւններ ու յաւելեալ բացատրութիւններ։ Ժողովականներ այս բոլորի լոյսին տակ ըստ էութեան քննարկեցին միամեայ աշխատանքին արդիւնքը, գնահատականներ արձանագրեցին, ապա, միաձայնութեամբ »Յոյժ Գնահատաելի« բանաձեւը որդեգրեցին աշխատանքին համար։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Ժողովը ծանօթացաւ բովանդակութեան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին ուղղուած այն նամակին, որ ըստ օրինի՝ թեկնածուներու եռանուն ցանկ մը կը ներկայացնէր։ Թեկնածուներն էին Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերպ.
buy cymbalta online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/cymbalta.html no prescription

Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զոպուեան։

Ժողովին ներկայ եղող թեկնածուները դուրս եկան սրահէն։ Առաջարկ ներկայացաւ, որ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ընտրութիւնը կատարուի միաձայնութեամբ։ Առաջարկը երկրորդուեցաւ, ապա, Ժողովը միաձայնութեամբ Առաջնորդ վերընտրեց Մուշեղ Սրբազանը՝ չորս տարուան նոր շրջանի մը համար։

Ժողովասրահ վերադառնալով ու ընտրութեան արդիւնքը իմանալով՝ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին հանդէպ վստահութեան համար, ապա, հոգեւորականներու ու ժողովականներու թափօրով ուղղուեցաւ »Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն« մատուռ, աղօթքի պահ մը ունենալու եւ իր սրտի խօսքը արտասանելու համար։

Հոգեւորականաց դասուն հետ աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ մեր Թեմի 40 տարիներու ծառայական կեանքին մէջ, այս ժողովը տեղի կþունենայ կարեւոր հանգրուանի մը։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ զինք դարձեալ նկատի ունեցած էր եռանուն ցանկին մէջ, ապա նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ժողովականներուն, որ անգամ մը եւս վստահութիւն յայտնած են իրեն, հինգերորդ անգամ ըլլալով զինք ընտրելով Թեմի Առաջնորդ։ Ընթերցելով եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան առիթով կատարուող աղօթքը՝ յիշեցուց, որ 15 տարի առաջ, եպիսկոպոս իր ձեռնադրութեան առիթով արտասանուած այդ աղօթքը այսօր իրեն համար ուխտի վերանորոգման առիթ է։ Առաջնորդ Սրբազանը խնդրեց հոգեւոր եղբայրներէն ու ժողովականներէն, որ աղօթակից ըլլան իրեն եւ յիշեալ աղօթքին ոգին իրագործեն եկեղեցական, կրթական թէ այլ մարզերու ծառայական կեանքի մէջ։ Ան նաեւ գոհունակութիւն արտայայտեց կազմակերպութեանց ու միութեանց զօրակցութեան ու գործակցական կեցուածքին համար, շեշտելով, որ յաջորդ փուլը պիտի դիմագրաւենք երիցս ծառայութեան պատրաստակամութեամբ։

Աղօթքի պահը վերջ գտաւ Տէրունական Աղօթքին երգեցողութեամբ։ Հնչեցին նաեւ »Կիլիկիա«ն եւ »Հայրապետական Մաղթանք«ը։

Երկրորդ օրուան նիստերը շարունակուեցան նոյն ոգիով։ Օրակարգի վրայ էին աշխատանքի յառաջիկայ տարուան ծրագիրներուն մշակումը, պիւտճէի նախահաշիւին վաւերացումը, որոնք կատարուեցան յետ խորաթափանց քննարկումներու եւ ներկայացուած առաջարկներու մասին երկարաշունչ խորհրդակցութիւններու։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԵՒ ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Օրակարգի վերջին կէտն էր զոյգ ժողովներուն ընտրութիւնը։

Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան, միաձայնութեամբ, հետեւեալ հոգեւոր հայրերը.-

Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան

Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան

Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան

Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան

Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան

Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան

Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան

Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնը եւս տեղի ունեցաւ միաձայնութեամբ։ Ընտրուեցան հետեւեալները.-

Տիկին Ռիմա Պօղոսեան (վերընտրուած)

Տիար Ճորճ Չօրպաճեան (վերընտրուած)

Տիար Թորոս Քէչէճեան (վերընտրուած)

Տիար Վահան Պզտիկեան (վերընտրուած)

Տիար Սագօ Շիրիքեան (վերընտրուած)

Տիար Պիլ Սաաթճեան (վերընտրուած)

Տիկին Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան

Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան

Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան

Տոքթ. Միսաք Պարսամեան

Տոքթ. Տիգրան Պապիկեան

Տեղի ունեցաւ նաեւ յառաջիկայ տարուան համար հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամներու ընտրութիւնը։ Ընտրուեցան Տեարք Կարէն Բենիասեանս, Ալեք Փօլատեան եւ Նազարէթ Ծատուրեան։

Նստաշրջանի աւարտին, Տեարք Նազարէթ Ծատուրեան եւ Տոքթ. Կարօ Յակոբեան դիւանին անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին ժողովականներուն, վստահութեան ու երկօրեայ աշխատանքներուն մասնակցութեան համար։ Անոնք շնորհաւորութեան խօսք ուղղեցին վերընտրեալ Առաջնորդ Սրբազանին, ինչպէս նաեւ նորընտիր Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան։

Եզրափակիչ խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ երկօրեայ ժողովը յաջողութեամբ ամբողջացուցած է իր աշխատանքը, փառք տուաւ Աստուծոյ, այս իրագործումին համար, դրուատիքով խօսեցաւ ժողովականներու ներդրումին ու շինիչ առաջարկներուն համար, եւ վստահութիւն յայտնեց, որ իբրեւ անդամները Առաջնորդարան-եկեղեցի-դպրոց մեծ ընտանիքին, յառաջիկայ աշխատանքները պիտի կատարուին բարի կամեցողութկեամբ եւ գործակցութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգ. Վարչութեան շրջանաւարտ անդամներուն, ողջունեց նորընտիր կազմերը, ու վերջապէս, գնահատանք արձանագրեց ժողովի դիւանին ու Առաջնորդարանի անձնակազմին, որ ժողովս յառաջաձգման պատճառով բացառիկ պայմաններու մէջ իրագործեց իր աշխատանքը։ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հիւրընկալ հոգաբարձութեան։

Առաջնորդ Սրբազանը ապա հրաւիրեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեանը, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը։

Տիար Վահէ Եագուպեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ժողովի յաջող ընթացքին մասին, յոյս յայտնեց, որ այս հանգրուանէն ետք, աշխատանքները նոյն յաջողութեամբ շարունակուին նոր կազմերուն պաշտօնավարութեան օրով։ Ան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ընտրեալ զոյգ կազմերուն։

Նիստը փակուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 2ին, Առաջնորդ Սրբազանին »Պահպանիչ«ով ու »Կիլիկիա«ի խմբերգումով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022