Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ »ԱՐԱՐԱՏ« ՏԱՆ ՄԷՋ

Մեր Թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ տնօրինութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, 10 Յունուարին, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէք կատարուեցաւ »Արարատ Տան« Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ։ Արարողութեան մասնակցութիւն բերին Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, նուագակցութեամբ Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի։ Մենակատարութիւնը կատարեց ծանօթ արուեստագէտ Անահիտ Ներսիսեան։

Առաւօտեան ժամը 10-ին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով իր օրհնութիւնները բաշխեց պատսպարեալներուն ու հաստատութեան պատասխանատուներուն, մաղթեց ամենայն բարիք եւ փոխանցեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու ամանորեան բարեմաղթութիւնները։

Ժամը 10։30-ին, հաստատութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատարագեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, որ վեր առաւ Ս. Ծննդեան տօնին պատգամը՝ խաղաղութեան ու հաճութեան պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ պատսպարեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Ապա Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը մասնակցեցան սիրոյ ճաշի, հաստատութեան պատասխանատուներուն ու անձնակազմի անդամներուն հետ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022