CASPSի եւ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Անդամները կը Շնորհաւորեն Առաջնորդ Սրբազանին Վերընտրութիւնը


Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտութեան Յանձնախումբի (CASPS) վարչութիւնը Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2016ին այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի փոխանցեց իր շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնները՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ 6րդ քառամեակի մը համար թեմակալ Առաջնորդ վերընտրութեան առիթով: Հանդիպումին ներկայ եղան CASPSի մօտ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան եւ կապի պատասխանատու Տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեան:

IMG_3760Հանդիպումը անցաւ անկեղծ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ: Խօսք առին յանձնախումբի համա-ատենապետ՝ Տիար Ռուբէն Կուրճեան եւ Տոքթ. Յ. Տէր Մկրտիչեան: Անոնք CASPSի անունով երախտագիտութիւն արտայայտեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ մեր Թեմին մատուցած ծառայութիւններուն ու մասնաւորաբար այս յանձնախումբին հոգածութիւնը վայելող աշակերտներուն հանդէպ հոգածու վերաբերումին համար: Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին, գնահատեց վարչականներն ու անոնց անձնդիր ծառայութիւնը, որ համակուած է սիրով, բարութեամբ ու զոհաբերութեան ոգիով: Ան յաջողութիւն մաղթեց վարչականներուն, յոյս յայտնելով, որ անոնց ծառայութիւնները տարածուին հայութեան կեանքի նոր շրջաններու մէջ:

Հանդիպումի աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Առաջնորդ Սրբազանը Չորեքշաբթի, 8 Յունիսին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց նաեւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան անդամներու շնորհաւորանքի այցելութիւնը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022