Շուրջ 1.4 Միլիոն Տոլար Հանգանակուեցաւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումին Ի Նպաստ Թելեթոնին
Կիրակի, 30 Օգոստոսի 2020-ի երեկոյեան, Լիբանանահայութեան օժանդակութան համար Համահայկական Խորհուրդի կազմակերպած եռաժամ եւ «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» նշանաբանով մեկնարկուած «HyeAid» Թելեթոնը, գագաթնակէտը եղաւ այս նպատակով նախաձեռնուած հանգանակային զանազան ծրագիրներու, որ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ։ Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղած ոգեշնչող պատգամով եւ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդներ Բարձրշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Գերշ. […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին
Կիրակի, 30 Օգոստոս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Վաստակաշատ Երաժշտագէտ Փրոֆ. Արա Մանաշ Ոչ Եւս Է
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Թեմի վաստակաւոր երաժշտագէտ, հասարակական գործիչ ու Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ դպրաց դասի երկարամեայ խմբավար ՓրոՖ. Արա Մանաշի մահը, որ պատահեցաւ 23 Օգոստոս 2020-ին։ ՓրոՖ. Մանաշ երկար տարիներ մեծ բծախնդրութեամբ վարած է Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ խմբավարի […]
Վաստակաշատ Կրթական Մշակ եւ Ազգային Գործիչ Հայկազ Թրթռեան Ոչ Եւս Է
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն Թեմի վաստակաւոր մշակ եւ դաստիարակ, ազգային գործիչ եւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ երեսփոխան Հայկազ Թրթռեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի 23 Օգոստոս 2020-ին։ Քեսապի հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Հայկազ Թրթռեան մանուկ հասակէն սնած է ազգային ոգիով ու […]
Զօրակցինք Լիբանանահայոիթեան Վերականգնումին Մասնակցելով Թելեթոնին
Լիբանանահայութեան վերականգնումին զօրակցելու նախաձեռնութիւնները կը շարունակուին։ Աւերն ու քանդումը աննկարագրելի են եւ զանոնք յաղթահարելը կը կարօտի ամբողջ հայութեան միակամ ու անվերապահ զօրակցութեան։ Այս ծիրին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համագաղութային Խորհուրդը, շարունակելով իը հանգանակային աշխատանքները, ծրագրած է նաեւ հեռատեսիլային հանգանակութիւն մը՝ Թելեթոն, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 30 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5-8 եւ պիտի սփռուի հայկական հեռատեսիլի […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին
Կիրակի, 23 Օգոստոս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Վերամուտ Ազգային Վարժարաններու
Դարձեալ վերամուտ է։ Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսին, հետեւելով Լոս Անճելըս Գաւառի պաշտօնական սպասարկութիւններու հրահանգներուն, մեր Թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները մեկնարկեցին 2020-2021 կրթաշրջանի բացումը, այս անգամ առցանց, ինչպէս տարեվերջին, միշտ մեկնակէտ ունենալով մեր աշակերտներու, ծնողաց ու ուսուցչական կազմերու եւ տնօրէնութեանց ապահովութիւնը։ Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ թանկագին աշակերտութեան եւ լիայոյս ենք, որ […]
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս
Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս տօնախմբուեցաւ Ս. Պատարագով եւ աւանդական խաղողօրհնէքով։ Նկատի ունենալով, որ տօնը նաեւ անուանակոչութեան օրն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նոյն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց։ Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր […]
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ը, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնն է, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ […]
Լիբանանի Զոհերուն ու Վիրաւորներուն եւ Երկրի Վերականգնումին Համար Յատուկ Աղօթք՝ Թեմիս Եկեղեցիներուն Մէջ
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ Պէյրութի մէջ պայթումներուն հետեւանքով վիրաւորներու բժշկութեան, ժողովուրդի եւ Լիբանանի ապահովութեան ու բարօրութեան համար, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ՝ աղէտի զոհերու հոգիներուն համար։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց […]
Super King Markets-ի Սեփականատէր Ֆերմանեան Ընտանիքներ 25,000 Տոլարի Նուիրատուութամբ Կը Զօրակցին Լիբանանահայ Գաղութին
Մեր գաղութի եւ Ազգային Առաջնորդարանիս երկար տարիներու զօրակից բարերարներ Super King Markets-ի սեփականատէր Ֆերմանեան ընտանիքները, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով ստեղծուած աղիտալի իրավիճակին ի տես, սիրայօժար ընդառաջեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Համագաղութային Խորհուրդի կոչին՝ 25,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ զօրակցութեան խոստում մը կատարելով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ […]
«Տէր Ողորմեա»ի Աղօթք եւ Հոգեհանգիստ՝ Պէյրութի Պայթումներու Վիրաւորներուն եւ Զոհերուն
Կիրակի, 9 Օգոստոսին, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած Պէյրութի մէջ պայթումներուն հետեւանքով վիրաւորներու բժշկութեան եւ ժողովուրդի ու Լիբանանի ապահովութեան ու բարօրութեան համար, ու հոգեհանգիստ՝ աղէտի զոհերու հոգիներուն համար։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս.buy vidalista generic https://newonlineandblo.com/vidalista.html over […]
Հաղորդագրութիւն՝ Թեմիս Հաւատացեալ Ժողովուրդին Պէյրութի Մէջ Պատահած Պայթուիմներուն Հետեւանքով
«Իմ ապաստանս ու ապաւէնս ես, ո՜վ Աստուած. ես Քեզի կը վստահիմ» (Սղ. 91.2) Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով, անգամ մը եւս ցնցում ապրեցան Լիբանանն ու Լիբանանահայ մեր գաղութը, մեր սիրտերը դարձեալ վիշտով ու տխրութեամբ լեցուեցան՝ ի լուր նորագոյն այս աղէտին հետեւանքով զոհուած ու վիրաւորուած անմեղ ժողովուրդին։ Պէյրութ քաղաքն […]
Առաջնորդ Սրբազանը Պիտի Հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին
Կիրակի, 2 Օգոստոս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Հոգեհանգիստ Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակութեան 37-րդ Տարելիցին Առթիւ
Երկուշաբթի 27 Յուլիս 2020ը, 37-րդ տարելիցն էր Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 26 Յուլիսին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն խաղաղութան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. […]