2021 Լուրերու Արխիւ
Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 2021-2022 Տարեշրջանի Վերամուտ – «Հայ Դպրոցը Ազգի Յաւերժութիւնը Ապահովող Լուսաւոր Փարոս Է», Ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը
Արեւմտեան Թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները կրթական նոր՝ 2021-2022 տարեշրջանի վերամուտի զանգին ընդառաջ, իրենց դռները լայն բացին 18 Օգոստոս 2021-ին եւ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց հին եւ նոր աշակերտներն ու անոնց ուղեկցող ծնողները: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերամուտի պատգամը ընթերցուեցաւ Ազգային բոլոր վարժարաններուն մէջ, իրենց շրջաններու հոգեւոր հովիւներուն կողմէ: Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2021-ի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան […]
«Վազգէն Մատէնլեան» Մարզադաշտի Եւ Դասարանի Բացում՝ «Վ. Եւ Ա. Շամլեան» Ազգային Վարժարանին Մէջ
Երկուշաբթի, 16 Օգոստոս 2021, երեկոյեան ժամը 5-ին, ձեռամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ Տիկին Սեդա Մատէնլեանի, քողազերծուեցան «Վ. եւ Ա. Շամլեան» Ազգ. վարժարանի նախկին տնօրէն՝ նորոգ հանգուցեալ Վազգէն Մատէնլեանի անունը կրող, կողովագնդակի վերանորոգուած մարզադաշտ մը եւ ուսողութեան դասարան մը: Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր՝ Արժ. Տ. […]
Ուսումնական 2021-2022 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Հովուական գուրգուրանքով եւ հայրական ջերմ սիրով Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, ուսումնական մարմինները, տնօրէնները, ուսուցչական կազմերը, Հայ դպրոցին հաւատացող բարերարները, նուիրեալները, մեր աշակերտներն ու իրենց ծնողները: 2021-2022 կրթական տարեշրջանի ընդառաջ, ահա՛ դարձեալ կը բացուին Մեսրոպի Տան դռները: Մեր ծնողներու բծախնդիր հետեւողականութեամբ, հայ զաւակներ այսօր մուտք կը […]
Արեւմտեան Թեմը Հանդիսաւոր Շուքով Նշեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը – Տօն՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Կիրակի, 15 Օգոստոս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Աստուածամօր նուիրուած՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, մինչ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առիթով Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Գերշ. Տ. Եփրեմ […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» Հիւանդանոցին
Հինգշաբթի, 12 Օգոստոս 2021-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոց եւ Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով կատարեց խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան: Առաջնորդ Սրբազան […]
Ընդունելութիւն՝ Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր – Ֆերմանեան Զոյգը Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկեան Ասպետ» Շքանշանով – Հնչեց Լիբանանահայութեան Զօրավիգ Կանգնելու Կոչ
Ուրբաթ, 6 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, ի պատիւ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու կազմակերպութեամբ եւ իրենց տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, ներկայութեամբ հիւրընկալ ամոլի կողմէ հրաւիրուած խումբ մը բարեկամներու: Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան որպէս հանդիսավար արտասանեց բարեմաղթական խօսքեր, ապա Տիկին Մարօ Ֆերմանեան […]
Կոչ Լիբանանահայութեան Զօրակցութեան
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի՝ լիբանանահայութեան զօրավիգ կանգնելու համար մեզի ուղղուած կոչին ընդառաջ, այսու պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարենք մեր նախագահութեամբ եւ Ազգային վարչութեան կազմա-կերպութեամբ իրականացուելիք զօրակցական դրամահաւաքը, որ կը միտի ըստ կարելւոյն լրացնել՝ աւելի քան տարիէ մը ի վեր տնտեսական, համաճարակային եւ ապրուստի դժնդակ պայմաններու տակ գտնուող Լիբանանի հայութեան մարդասիրական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական կարիքները: […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Արցախի Նախագահի Խորհրդական Ազատուհի Սիմոնեանը
Հինգշաբթի, 5 Օգոստոս 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շրջանս գտնուող Արցախի հանրապետութեան նախագահի խորհրդական եւ Սփիւռքի հարցերով ներկայացուցիչ Ազատուհի Սիմոնեանը: Հանդիպման ընթացքին Սիմոնեան Արցախի նախագահի, կառավարութեան եւ տեղւոյն հայութեան անունով իր երախտագիտութիւնները յայտնեց Արեւմտեանի Թեմին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընդհանրապէս լոսանճելըսահայութեան՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները
Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն, որոնք Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի: Հանդիպման ընթացքին հիւրերը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցին ցարդ իրագործած իրենց աշխատանքները, խօսեցան համաճարակի ներկայ օրերուն իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար իրենց կողմէ […]
«Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» Հիմնադրամը ($110,000) Ի Սպաս Ազգ. Առաջնորդարանի Երաժշտական Առաքելութեան
Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի յիշատակը անմահացնելու նպատակով եւ ընդառաջելով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ.buy cialis black online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis-black.html no prescription Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի առաջարկին, Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հասատատեց «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամ՝ հարիւր տասը հազար ($110,000) տոլարի գումարով, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հսկողութեան ներքեւ պիտի ծառայէ Ազգային […]
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հոգեւոր եւ Նիւթական Զօրակցութիւն Ցուցաբերեց Նահատակներու Ընտանիքներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2021 տարին հռչակած էր «Արցախի Տարի»: Այս իրողութեան լոյսին տակ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ.buy lipitor generic https://rxbuywithoutprescriptiononline.com/lipitor.html over the counter Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընթացիկ տարուան մէջ, ի շարս այլ նախաձեռնութիւններու, նաեւ հիմը դրաւ «Նահատակի ընտանիքին» հիմնադրամին եւ այս ծիրէն ներս, հոգեւոր […]
Սարկաւագաց Դաշտագնացութիւն «Վարդավառ»Ի Տօնին Առիթով
Գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Սարկաւագաց համախմբումի յանձնախումբին՝ պատասխանատուութեամբ Արժ. Տ. Մ. Քհնյ. Շաննագեանի, Շաբաթ, 10 Յուլիս 2021ին, Արեւմտեան Թեմի սարկաւագները ունեցան ամառնային միօրեայ դաշտագնացութիւն, Պըրպէնքի Brace Canyon Parkին մէջ: Դաշտագնացութիւնը յատկանշուեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտով: Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հոգեւոր հայրերու հետ սարկաւագները աղօթեցին, զրուցեցին եւ ապրեցան […]
Այլակերպութեան Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 11 Յուլիս 2021ին, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը, ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց եւ աղօթեց, որպէսզի աստուածային օրհնութիւնները անձրեւի պէս հեղուն իւրաքանչիւր […]
Տէր Եւ Տիկին Կարօ Էշկիեանի Շնորհուեցաւ «Կիլիկեան Իշխան» Շքանշան – Մեծարեալ Ամոլը 100,000 Տոլար Նուիրեց Ազգ. Առաջնորդարանին
Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային վարչութեան, տեղի ունեցաւ մեծարանքի յատուկ ձեռնարկ՝ ի պատիւ Տէր եւ Տիկին Կարօ Էշկիեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս իր ծառայական բազում տարիներու վաստակին իբրեւ գնահատանք, այլեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Արեւմտեան Թեմին ցուցաբերած իր նիւթաբարոյական […]