Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին, Հոգեգալուստի տօնին առիթով, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս.
buy propecia online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/propecia.html no prescription
Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը, շեշտելով Ս. Հոգիի զօրութեամբ վերանորոգուելու կարեւորութիւնը։
Պատարագիչն էր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագները, որոնց շարքին՝ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան։
Ս. Պատարագի արարողութիւնը այլապէս ունէր հանդիսաւոր բնոյթ, որովհետեւ, ըստ շուրջ երեք տասնամեակներու բարի աւանդութեան, արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. Մեսրոպեան երկրդ. վարժարանի շրջանաւարտ դասարանի աշակերտները, Ս. Հաղորդութիւն ստացան եւ լսեցին Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորական պատգամը։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, վարժարանի նախկին եւ այժմու դաստիարակներ եւ աշակերտներու ծնողներ։ Ներկայ էին նաեւ մեր եկեղեցիներու Ս. Գրոց սերտողութեան խումբերու անդամներ։
Ս. Պատարագի երգեցողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբի, նախակրթարանի Գ. կարգի եւ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները, խմբավարութեամբ նոր դպրապետին՝ Նորայր Դերձակեանի։
Տօնին յատուկ իր պատգամէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի ծխական ընտանիքն ու շրջանաւարտ աշակերտները, շնորհաւորեց զանոնք՝ կեանքի նոր փուլի մը սեմին կանգնելուն առիթով ու զանոնք յորդորեց անշեղօրէն շարունակելու իրենց կեանքի երթը։ Ան շեշտց, որ աշակերտներուն համար կեանքի մէջ ամէն բան կարելի կը դառնայ, երբ հաւատք ունենան Աստուծոյ վրայ եւ վստահին իրենց կարողութիւններուն։ Ան թելադրեց յարատեւօրէն աղօթել, ըլլալ զօրաւոր ու քաջ, դժուարութեանց դիմաց չմատնուիլ յուսահատութեան, նաեւ չմոռնալ, որ մեր եկեղեցին ու համայնքը անոնց կողքին կը կանգնին իբրեւ զօրակից, պատրաստ են ականջ տալու իրենց, աջակցութեան ձեռք երկարելու եւ աջակից ըլլալու իրենց քայլերուն։
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց նաեւ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու անդամները եւ գնահատեց անոնց նուիրումը մեր եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ խօսքին։
Խօսելով Հոգեգալուստի տօնին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց վերանորոգումի հրաւէրին ընդառաջելու կարեւորութիւնը։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Քրիստոսի Համբարձումէն տասը օր ետք, Պենտեկոստէի օր տեղի ունեցած հրաշալի դէպքին, երբ աշակերտներն ու 120 հետեւորդներ խմբուած էին Վերնատան մէջ, «երբ յանկարծ սաստիկ հովի սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար (Գործք. 2։1-4)»։ Ս. Հոգին ստացողները դարձան նոր արարածներ, անոնց հաւատքը աւելի եւս զօրացաւ, զինուեցան ոգեղէն զօրութեամբ եւ իմաստութեամբ, հոգեպէս զօրացան եւ պատրաստ եղան սկսելու իրենց նոր առաքելութեան՝ Աւետարանը տարածելու աշխարհի ժողովուրդներուն։ Այդ օրը եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրը եղաւ։
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Ս. Հոգին միայն Վերնատան մէջ խմբուածներուն մենաշնորհը չէր, այլ զայն կրնան ստանալ բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի, իբրեւ իրենց փրկիչն ու Տէրը։ «Մեր մէջ Ս. Հոգին ունենալով՝ մենք կ’օժտուինք այնպիսի զօրութեամբ մը, որ ապրինք աստուածահաճոյ կեանք, Տիրոջ ծառայենք այնպէս՝ ինչպէս Ան կը կամենայ, յաղթահարենք կեանքի դժուարութիւններն ու դէմ դնենք մեղքին, որովհետեւ Աստուծոյ զօրութեան ոչ ոք կրնայ ընդդիմանալ։ Ամէն բան կարելի կ’ըլլայ, երբ կ’ապրինք Ս. Հոգիի ներկայութեամբ եւ զօրութեամբ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ հաւատացեալները յորդորեց անհատապէս ու հաւաքաբար խնդրելու Ս. Հոգիի ներկայութիւնը իրենց սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, որպէսզի մենք ալ Վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալներուն պէս վերանորոգում եւ վերակենսաւորում ունենանք եւ Աստուծոյ շնորհքով ու իմաստութեամբ ապրինք մեր կեանքը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, շրջանաւարտները Ս. Հաղորդութիւն ստացան, ինչպէս նաեւ իբրեւ նուէր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «The Armenian Church» հատորէն օրինակներ։
Ս. ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱԿՆԵՐՈՒ ՃԱՇԻ ՀԱՒԱՔ Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու Հոգեգալստեան տօնին յատուկ աւանդական հաւաք-ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։ Սիրոյ սեղանը հովանաւորուած էր Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչին, Հոգեւոր Հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչը, հովիւն ու Ս. Գրոց սերտողութեան պահերը առաջնորդող Գրիգոր Եղբ. Մսըրլեան։
Հանդիսավարութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ բազմամեայ ծառայողներէն Տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս խօսեցաւ Ս. Հոգիի զօրութեան ու մեր կեանքերուն մէջ անոր բարերար ներգործութեան մասին, բոլորը հրաւիրելով իրենց սիրտերն ու հոգիները բանալու Աստուծոյ այս պարգեւին առջեւ։
Օրուան շարականի երգեցողութեամբ մասնակցութիւն ունեցաւ Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան. Աստուածաշունչէն ընթերցումներ կատարուեցան, երգուեցան հոգեւոր երգեր ու շարականներ։ Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։