Հինգշաբթի, 12 Փետրուար, 2015ին, Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնը։ Առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։ Ժամերգութեանց ընթացքին աղօթքներով ու շարականներով յիշատակուեցան հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպան նահատակ սուրբերը։ Յաւարտ ժամերգութեան, Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց իր հոգեւոր եղբայրներուն ներկայութեան համար, ու ժողովուրդը շնորհաւորեց Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ։ Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ “Անտոն Անտոնեան” սրահին մէջ, հոգեւորականները հիւրասիրուեցան Տիկնանց Միութեան կողմէ։
Իսկ երեկոյեան ժամը 7ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ, Ս. Վարդանանց Զօրավարաց յիշատակը տօնախմբուեցաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագով ու Վարդանաշունչ երգերու կատարողութեամբ։ Արարողութեան մասնսակից էին հոգեւորականաց դասու անդամները:
Ս. Պատարագը մատուցեց եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող քարոզ մը արտասանեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։
Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասը երգեց Վարդանանց նուիրուած յատուկ “Նորահրաշ” շարականը, որմէ ետք “Քրիստոս Աստուած մեր” աղօթքի ընթացքին նշուեցան ճակատամարտին ինկած իւրաքանչիւր նախարար, ինչպէս նաեւ 1036 հաւատքի քաջ վկաները՝ հաւաքաբար։
Աղօթքէն ետք, պատարագիչ Հայր Սուրբը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, մէջբերելով վարդանաբոյր պատմութիւնը Եղիշէ պատմիչի, Աւարայրի ճակատարմարտին հեռակայ ականատեսներու վերածելով ներկաները։ Իմացեալ մահուամբ անմահութիւն շահելու գաղափարով դէպի մահ սլացող հայոց մարտիկներուն նուիրաբերումին ու զոհողութեան արժէքին մասին խօսելով, պատարագիչ Հայր Սուրբը Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին տեղի ունեցող անարդարութեանց ու մերօրեայ “Յազկերտ”ներուն ակնարկելով, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, յոյս յայտնելով, որ Վարդանանց ուխտին հաւատարիմ մեր երիտասարդութիւնը, կրօնական ու ազգային արժէքներով, նոր աւարայրներ պիտի կերտեն, յաղթանակ ու խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով«։
Պատարագի աւարտին, ներկայ բոլոր եկեղեցականները, դպրաց դասն ու հաւատացեալները, միասնաբար երգեցին Վարդանանց նուիրուած ազգային երգեր. երգուեցան նաեւ “Կիլիկիա” մաղթերգը, “Ի վեհ բարձանց” հայրապետական մաղթանքն ու Հայաստանի քայլերգը։ Եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին բարեմաղթութիւններով, եւ քահանաներուն ու ժողովուրդի զաւակներուն անուններու շնորհաւորանքով՝ Ղեւոնդեանց քահանայից եւ Սրբոց Վարդանանց զոյգ տօներուն առթիւ։
Պատարագէն ետք, ներկաները Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ հիւրասիրուեցան “Եղիա Սարաֆեան” դահլիճին մէջ։