«Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինն իր ուրոյն եւ յատուկ տեղն ունի Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս Քրիստոնէական եկեղեցիներու կանոնին եւ տօնացոյցին մէջ, որովհետեւ Աստուածամայրը Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է։ Մեր Եկեղեցին եօթը տօներ ունի Աստուածամօր նուիրուած, որոնցմէ մեծագոյնն է անոր երկինք Վերափոխման տօնը, որովհետեւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի սկզբանէ որոշած էր երկրի վրայ չթողուլ առաքինութեան, համեստութեան, հնազանդութեան, խոնարհութեան, սրբութեան եւ մաքրութեան խորհրդանիշ Իր մայրը» շեշտեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 14 Օգոստոս 2016ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ անուանակոչութեան առիթով եւ կատարեց աւանդական խաղողօրհնէքն ու մատաղօրհնէքը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանն ու սարկաւագները։
Արարողութեանց ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Կարօ Էշկիեան, ժողովականութեան անդամներ եւ հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը, որոնք եկած էին հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին եւ նշելու չորրորդ տաղաւար տօնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր շարականագիրին հետեւեալ բառերը. «Այսօր Սերովբէներու գունդերը հիացումով տեսան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի էջքը երկիր, որպէսզի անապական եւ միշտ կոյս Աստուածածինը երկինք փոխադրէ, բոլորն ալ զարհուրած եւ հիացած կ’ըսէին՝ օրհնեալ ես Ս. Աստուածածին», իսկ այսօր մենք մեր հոգիի աչքերով արդեօ՞ք վկաները կը հանդիսանանք Վերափոխման բարեբաստիկ խորհուրդին, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու աղօթքը, նշեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Ան անդրադարձաւ Աստուածածնի երկրային կեանքին, մատնանշելով, որ ան ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ առաքինութեամբ, համեստութեամբ, հնազանդութեամբ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ մաքրութեամբ, դարձաւ կիներուն ամէնէն օրհնեալն ու ընտրեալը, իբրեւ Աստուածորդւոյն մայրը՝ հոգաց Անոր բարի դաստիարակութիւնը, եւ Զաւկին խոստումին իրականացումով՝ արժանի դարձաւ երկնային բնակութեան։ Միշտ մնաց իր Որդւոյն հետ, նոյնիսկ այն ժամանակ՝ երբ մարդկային տկար բնութիւնը պատճառ եղաւ, որ աշակերտները լքեն իրենց սիրելի Ուսուցիչը։ Ան որպէս մայր կրեց աշխարհի ամէնէն ծանր կսկիծը՝ զաւակի կորուստը, սակայն միշտ մնաց տոկուն իր հաւատքի կեանքին մէջ, դաոնալով Քրիստոսի Եկեղեցւոյ մայրը, պաշտպանը, հիմքն ու խնամատար բարեխօսը։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց աղօթելով Աստուածածնին, որ բարեխօսէ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին համար, խաղաղութիւն պարգեւէ անոնց ու Միջին Արեւելքին, որոնք դժուարին պահեր կ’ապրին այս օրերուն։
ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ Այս տօնին կը զուգադիպի նաեւ մեր եկեղեցւոյ մէկ դարաւոր աւանդութիւնը՝ խաղողօրհնէքը, որ յատուկ արարողակարգով կը նշուի մեր եկեղեցիներուն մէջ: Ըստ այդ դարաւոր աւանդութեան, հայ հաւատացեալները խաղողի առաջին բերքը կ’ընծայաբերեն եկեղեցւոյ, իբրեւ պտղաբերութեան եւ առատութեան երախտիք, ինչպէս նաեւ պատարագեալ Քրիստոսի արեան խորհրդանիշ, իսկ մատաղը՝ իբրեւ սիրոյ ճաշ, որ գոյութիւն ունեցած է քրիստոնէութեան հաստատման վաղընջական օրերէն։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, գնահատեց հոգեւոր հովիւներն ու բոլոր նուիրեալները՝ մաղթելով Աստուածահաճոյ բեղուն ծառայութիւն ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն Հայ ազգին։ Ապա կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը. խուռներամ բազմութիւնը հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ հաղորդակից եղաւ աւանդական այս տօնին, հայցելով եկեղեցւոյ պահապան Մօր՝ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը եւ օրհնուած խաղողէն բաժին տանելով տուն: