Ս. Ղեւոնդեանց Տօնին Առիթով Հոգեւորականաց Համագումար եւ Ս. Պատարագ


Ս. Ղեւոնդեանց տօնը հայ քահանային տօնն է. այս տօնին առիթով, տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, գլխաւորութեամբ ու նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ամէն տարի տեղի կ’ունենայ հոգեւորականաց յատուկ համագումար մը, որ կը մարմնաւորուի եկեղեցական արարողութիւններով, Ս. Պատարագով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով եւ թեմական հարցերու քննարկումով ու անմիջական ապագայի ծրագիրներու մշակումով:

Ընդառաջելով հոգեւոր հովիւին՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած հոգեւորականաց համագումարը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ յարկին տակ, Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2017ին:

Համագումարի ժողովական աշխատանքներուն կողքին, տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ ու Ս. Պատարագ. հոգեւոր հայրերը նաեւ այցելութիւն մը տուին Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանը:

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը Ֆրեզնօ ժամանեցին Երկուշաբթի, 20 Փետրուարի կէսօրին եւ առաջին հերթին այցելեցին Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանը: Պատուոյ հիւպատոսը՝ Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան, որ տասնամեակներու ծառայութիւն ունի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ՝ իբրեւ ժողովական եւ դպրաց դասի անդամ, հիւպատոսարանին մէջ ճաշի հիւրընկալութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն: Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին, Ս. Երրրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Պիլ Սաաթճեան, հիւպատոսարանի երախտաւոր ծառայողներէն Տոքթ. Վաչէ Վասիլեան ու հիւպատոսարանի անձնակազմը եւ գաղութի այլ գործիչներ։

Սրբազան Հայրը հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ աղօթքով եւ շարականով օրհնեց հիւպատոսարանը։ Ապա, խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց պատուոյ հիւպատոսին, որ այս ընդունելութիւնը կազմակերպեց Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասուն համար, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առթիւ, վստահեցնելով, թէ հոգեւոր հայրերը աւելի ինքնավստահ եւ հպարտ կը զգան «Հայաստանէն դուրս Հայաստանի հողի վրայ հիւրընկալուելով» եւ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով այս առաջին այցելութիւնը տալով հիւպատոսարան։ Սրբազան Հայրը Պատուոյ Հիւպատոսին վստահեցուց հոգեւորականաց դասու աջակցութիւնը եւ գործնական ծառայութիւնը մայր հայրենիքին։ Պատուոյ Հիւպատոսը փոխադարձաբար ուրախութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ բոլոր հոգեւորականներուն, որոնք պատիւը ընծայեցին այցելելու եւ իրենց օրհնութիւնը բերելու հիւպատոսարան։

Ճաշի օրհնութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս բարեմաղթութիւններ կատարեց Հայրենիքին եւ հայրենիքը ներկայացնող պատուոյ հիւպատոսութեան համար։ Ան բարձր գնահատեց հիւպատոսութեան առաքելութիւնը եւ անոր աշխատակազմը, գլխաւորութեամբ Պատուոյ Հիւպատոսին։ Պատուոյ Հիւպատոսը, իր կարգին, փոխադարձաբար խոստացաւ մնալ աջակից ու գործակից:

Սրտի խօսքեր արտասանեցին Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութեան ատենապետը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ հոգեւորականներ։ Մթնոլորտը առաւել ճոխացաւ հոգեւոր հայրերու հայրենասիրական երգերու երգեցողութեամբ։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Պատուոյ Հիւպատոսը յիշատակի նուէրներ փոխանակեցին. մտերմիկ մթնոլորտը պսակուեցաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ։

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հոգեւոր հայրերը, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նախատօնակի արարողութիւն կատարեցին Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք եկեղեցւոյ սարկաւագները մտերմիկ ընթրիքով հիւրընկալեցին հոգեւոր դասը։ Ընթրիքի պահուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց սարկաւագներուն, որոնք անձնուիրաբար կը ծառայեն եկեղեցւոյ եւ օրինակ կը դառնան ուրիշներուն, եւ այս առթիւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «The Armenian Church» գիրքը։ Յաջորդաբար խօսք առին Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութեան եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները։ Երեկոն ճոխացաւ ազգային եւ ժողովրդական երգերով, կատարողութեամբ հոգեւոր հայրերուն։ Մտերմիկ երեկոն աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։

ՄԻՕՐԵԱՅ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ Համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ Երեքշաբթի առաւօտ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ։

Առաւօտուն, հոգեւորականաց դասը նախաճաշով հիւրասիրուեցաւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ, ապա, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած գիշերային ու առաւօտեան ժամերգութիւններ կատարեց եկեղեցւոյ մէջ: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը, շեշտելով, որ վերանորոգումի տարուան առիթով, կոչուած ենք վերանորոգելու մեր անձերը եւ մեր առաքելութեան մէջ առաւել եւս գիտակից, յանձնառու եւ բծախնդիր կերպով աշխատանք տանելու՝ ի խնդիր մեր եկեղեցիներու ու ծուխերու վերանորոգման եւ վերաշխուժացման։ Մէջբերումներ կատարելով Աւետարանէն ու առաքելական թուղթերէ, Սրբազան Հայրը շեշտեց հաւատքի դերը մեր առաքելութեան մէջ, հետեւելով Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից օրինակին: Ան մասնաւորաբար շեշտեց Աստուածաշունչի կենսական կարեւորութիւնը հոգեւորականի կեանքին մէջ եւ անկէ բխած պատգամներու կիրարկումն ու փոխանցումը հաւատացեալներուն։

Այնուհետեւ, համագումարը անցաւ ժողովական աշխատանքներուն: Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբը արտասանեց ողջոյնի խօսք, բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հոգեւոր եղբայրներուն: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց նաեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, վստահեցնելով, որ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին հարազատ տուն է եւ տուն ալ կը մնայ բոլորիս համար։ Ան այս առիթով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ մեր Թեմին մէջ իբրեւ Թեմակալ Առաջնորդ ծառայութեան քսանամեակին առիթով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, համագումարի բացման իր պաշտօնական խօսքին մէջ, յիշեցուց որ հոգեւոր հայրերը որքան մեծ դեր ունին մեր գաղութներուն մէջ, իսկ նման առաքելութեան աշխոյժօրէն շարունակման համար, կենսական է վերանորոգումը: Ան յորդորեց հոգեւոր հայրերը, որ աւելի բծախնդիր եւ անձնուէր կերպով նուիրուին իրենց առաքելութեան:

Համագումարի ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան՝ ատենադպիր։

Տեղի ունեցաւ Կրօնական Ժողովի նիստ, հոգեւոր հովիւներ զեկուցեցին իրենց աշխատանքներուն եւ ծխական շրջաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ապա, ներկայացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին Վերանորոգումի Տարուան պատգամը:

Համագումարի Բ. նիստին, հանգամանօրէն քննարկուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ իբրեւ ուղեցոյց հոգեւորականի առաքելութեան վերանորոգման. նաեւ արծարծուեցան յատուկ ծրագիրներու յառաջացման ու անոնց կենսագործման միջոցները: Հոգեւոր հայրերը միտքեր արտայայտեցին ու առաջարկներ ներկայացուցին այս նպատակով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, կեդրոնանալով Վեհափառ Հօր մտածումներուն վրայ, շեշտեց մասնաւորաբար հոգեւոր կեանքի վերանորոգութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան նաեւ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութեամբ վերջին հրատարակութիւնը՝ անգլերէն լեզուով “The Armenian Church” հատորը, թելադրելով, որ գաղութի զաւակներուն ու մասնաւորաբար երիտասարդներուն յորդոր ուղղուի, որպէսզի ընթերցեն այս գիրքը՝ մօտէն ճանչնալու համար մեր եկեղեցին ու առաջնորդուելու անոր սկզբունքներով։

Օրակարգի վերջին կէտով, հոգեւոր հայրերը քննարկեցին աշխատանքային ընթացիկ հարցեր ու արձանագրեցին առաջարկներ։ Ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱՆԿԱՐԻ ՕԾՈՒՄ Երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ, նուիրուած Ս. Ղեւոնդեանց տօնին: Պատարագիչն էր Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան. հոգեւոր հայրերը կատարեցին Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը:

Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հոգեւորականաց թափօրով Ս. Խորան բարձրացաւ եւ օծումն ու սրբագործումը կատարեց Ս. Վարդանանց եւ Ս. Ղեւոնդեանց յիշատակին ձօնուած պատկերի մը, որ Ազգ. Առաջնորդարանին պատուէրով պատրաստուած է գեղանկարիչ Ռազմիկ Հաճիքեանի կողմէ։ Սրբապատկերի նուիրատուն՝ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան բարերար ամոլը ներկայ էր արարողութեան, իր կողքին ունենալով այլ բարերարներ: Սրբագործման յաջորդեց Ս. Ղեւոնդեանց շարականի երգեցողութիւնը եւ օրուան յատուկ բարեխօսական մաղթանքը։

Պատարագիչ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ Աւարայրի ճակատամարտին պատմական կարեւորութիւնը՝ մեր հաւատքի պահպանման մէջ, կանգ առնելով ազգի ու հաւատքի հաւատարմութեան համար Ս. Ղեւոնդեանց նահատակութենէն բխող պատգամին վրայ:

Յաւարտ Սուրբ եւ անմահ Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութեամբ աղօթք բարձրացուեցաւ ու յարգանք մատուցուեցաւ թեմիս մէջ ծառայած եւ վերջին ժամանակներուն վախճանած հոգեւորականներու հոգիներուն համար։

Երեկոյեան, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Men’s Society-ին, հոգեւորականաց դասն ու ծխականները հիւրընկալուեցան հաւաքական ընթրիքով։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Ընթրիքի մթնոլորտը ճոխացաւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ ներկայացուած Վարդանանց եւ հայրենասիրական մեներգներով ու խմբերգներով։ Երգով եւ դաշնամուրի վրայ նուագով հանդէս եկան պատանիներ ու երիտասարդներ։

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին փակման խօսքով. ան գնահատանք արձանագրեց հիւրընկալութեան համար, հակիրճ կերպով ներկայացուց համագումարին արդիւնքը եւ վեր առաւ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին միջեւ կապերը սերտ պահելու կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքը աւարտեց բարեմաղթութեամբ ու փակման աղօթքով: Երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգը, Հայրապետական Մաղթանքն ու Հայասատանի քայլերգը։

Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարի առաւօտուն, հոգեւորականաց դասը ունեցաւ Առաւօտեան ժամերգութեան ու հաւաքական աղօթքի պահ մը, որմէ ետք հոգեւոր հայրերը վերադարձան իրենց շրջանները, համագումարին մթնոլորտով համակելու մեր ծուխերը եւ վերանորոգման պատգամները կենսագործելու մեր շրջաններուն մէջ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022