ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՇՈՒՏՈՎ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթ Լաս Վեկաս այցելեց, իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի եւ կազմին ու եկեղեցւոյ շիրարարական յանձնախումբի անդամներուն, եկեղեցւոյ շինութեան արտօնագիրներուն ձեռք բերման առիթով։ Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանար Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Տիար Վահան Պզտիկեան, որ միաժամանակ ատենապետն է Ազգ. Առաջնորդարանի շինարարական յանձնախումբին։

Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիար Վ. Պզտիկեան Հինգշաբթի 19 Յուլիսին աշխատանքային նիստեր ունեցան եկեղեցւոյ հովիւին ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ. Առաջնորդ Սրբազանին, հովիւին, Տիար Վ. Պզտիկեանի կողքին, հանդիպումներուն մասնակցեցան Տեարք Ատրուշան Արմէնեան, Լեւոն Կիւլպէնկեան ու Գօգօ Տարագճեան։ Հիւրընկալ Հովիւն ու յաձնախումբի անդամները զեկուցեցին շինութեան արտօնագիրին ու յարակից աշխատանքներուն մասին։ Պետական գրասենեակներէն արտօնագիրները ձեռք բերուած են, յատակագիծը պատրաստ է ու նախապատրաստական բոլոր աշխատանքները կը մօտենան իրենց լրումին։ Կը նախատեսուի, որ շինութեան գործնական աշխատանքները սկսին Օգոստոսին ու ամբողջանան մինչեւ 2013ի Մայիս շրջանը։

Առաջնորդ Սրբազանը այս ուրախ առիթով նաեւ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ եկեղեցւոյ բարերարին՝ Տիար Լէրի Պարնզի հետ, խնդակցութիւն արտայայտելով այս իրագործումին համար։

Նշենք, որ շինարարական աշխատանքները կþիրագործուին երկու ընդհանուր փուլով։ Եկեղեցին ու անոր կից գտնուող սրահը պիտի կազմեն համալիր մը, որ պիտի դառնայ շրջանի հայութեան հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնը։ Առաջին փուլը՝ սրահին շինութիւնը ամբողջացած է աւելի քան տարի մը առաջ. Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եկեղեցւոյ օրհնութիւնը եւ գմբէթի խաչին օծումը կատարեց 2011ի Հոկտեմբերին, երբ հովուապետական այցելութեամբ մեր Թեմը կը գտնուէր։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու շինարարական յանձնախումբի նուիրեալ ու բծախնդիր աշխատանքը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ աշխատանքները եւս իրականանան անփորձանք ու հեզասահ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022