Սարկաւագաց Դաշտագնացութիւն «Վարդավառ»Ի Տօնին Առիթով

Գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Սարկաւագաց համախմբումի յանձնախումբին՝ պատասխանատուութեամբ Արժ. Տ. Մ. Քհնյ. Շաննագեանի, Շաբաթ, 10 Յուլիս 2021ին, Արեւմտեան Թեմի սարկաւագները ունեցան ամառնային միօրեայ դաշտագնացութիւն, Պըրպէնքի Brace Canyon Parkին մէջ:

Դաշտագնացութիւնը յատկանշուեցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտով: Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հոգեւոր հայրերու հետ սարկաւագները աղօթեցին, զրուցեցին եւ ապրեցան ընկերային ու ընտանեկան անմոռանալի պահեր: Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան սարկաւագներուն հետ կատարած խորհրդածութեան ճամբով ըսաւ. «Իւրաքանչիւր հոգեւոր սպասաւորի համար կեանքի մեծագոյն հաճոյքը Աստուծոյ ծառայելն է, մեծագոյն երջանկութիւնը տաճարին մէջ տաճարանալն է եւ մեծագոյն յաղթանակը զԱստուած յաղթող ճանչնալն է»:

Անդրադառնալով երկրի վրայ մարդկային գոյութեան իմաստին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքը ուղղեց սարկաւագներուն, թէ՝ «Մենք բոլորս օրհնուած ենք Աստուծմէ, որովհետեւ առիթ շնորհուած է մեզի Երկինքէն՝ աճելու հոգեպէս եւ ծաղկազարդուելու հոգեւորապէս՝ շնորհիւ այն ծառայութեան, որ մենք բոլորս կը բերենք՝ որպէս եպիսկոպոս, քահանայ կամ սարկաւագ, մեր մեծագոյն Վարդապետին, Քրիստոսի փառքին համար»:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022