Կիրակի, 27 Մարտ 2016ին, Արեւմտեան մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը խուռներամ հաւաքուած էր մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, տօնելու համար մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Յարութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին Կլենտէյլ քաղաքի պաշտօնատարներ, ժողովականութեան անդամներ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ:
Քրիստոսի Ս. Յարութեան նուիրուած շարականին բառերը իբրեւ բնաբան առնելով, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ տօնին խորհուրդին եւ մարդկութեան ընծայած պարգեւներուն: Ան նշեց, որ Ս. Յարութեան տօնը ցնծութեան ու հոգիներու վերանորոգութեան առիթ է, որովհետեւ Քրիստոս իր մահով մահը կործանեց եւ կենդանարար Յարութեամբ անմահութեան պարգեւը շնորհեց մեզի: Երկինքի հրեշտակներն ու համայն մարդկութիւնը ցնծացին այս յաղթանակով, այսօր մենք ալ կը միանանք հրեշտակներուն եւ զԱստուած կը փառաբանենք:
Ս. Յարութեան նախընթաց եօթը շաբաթները, մասնաւորաբար Աւագ Շաբաթը, վերանորոգութեան ու Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին դէպքերէն ներշնչուելու, խոնարհութեան, մաքրութեան եւ ծառայութեան ուղիները ցոյց տուին մեզի, բարին ու լաւը ընտրելու ճանապարհը մղեցին մեզ: Քրիստոս քաջ գիտէր իր առաքելութեան բոլոր մանրամասնութիւնները, ան հալածանքի ենթարկուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, սակայն հնազանդօրէն ենթարկուեցաւ Աստուծոյ կամքին, բարիով յաղթեց չարին: Անոր Ս. Յարութիւնը բոլոր ժամանակներուն մեծագոյն հրաշքն էր, որ հաւատացեալին կ’ընծայէ մահուան վրայ յաղթանակ տանելու եւ յաւիտենական կեանքի արժանանալու պարգեւը: Ինչպէս որ Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի օրերուն անոր առաքելութիւնը խափանելու փորձեր կատարուեցան, նման չարիքներ կրկնուած են եւ կը կրկնուին նաեւ այսօր, սակայն ճշմարտութիւնն ու արդար ուղին ի վերջոյ կը յաղթանակեն, որովհետեւ Ինք է «ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը»։
Այս խորհուրդներով ալ, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները յորդորեց հոգեպէս վերանորոգուելու, հետեւելու Յիսուսի պատգամներուն եւ անոր առաքինութիւնները որդեգրելու մեր կեանքին ու գործերուն մէջ, չմնալ խարխափումի մէջ, եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայենք հաւատքով, երէց սերունդի անդամները իրե՛նք որդեգրեն այս ուղին եւ ուղեցոյց ըլլան երիտասարդին ու պատանիին, եւ վերջապէս՝ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով՝ միշտ հետամուտ ըլլալ բարիով յաղթելու չարին: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը այս ուղիին հետեւելով է որ վերապրեցաւ Ցեղասպանութենէն, պահպանեց ճշմարտութեան ու յարութեան ուղին:
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ
Ս. Յարութեան տօնի ցնծալի մթնոլորտը սկիզբ առած էր նախորդ գիշերը, Շաբաթ, 26 Մարտին, Ճրագալոյցի արարողութեամբ եւ Ս. Պատարագով, որուն սկիզբը կատարուեցան տօնին յատուկ Ս. Գրային ընթերցումներ, իսկ Պատարագի աւարտին մոմավառութիւն. Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ մատուցեց Մոնթելելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ եւ ուղղեց իր պատգամը: Ընթերցումները կատարեցին Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանի եւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները։
Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Յարութեան տօնը նկատեց հաւատքի ուխտի վերանորոգութեան օր, որ մահուան վրայ Քրիստոսի յաղթանակին եւ չարին վրայ բարիին աւետիսը կը բերէ մարդկութեան եւ մեր սիրտերը ուրախութեամբ կը լեցնէ: Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը վկայութիւն է, որ Աստուածորդւոյն առաքելութիւնը խափանելու փարիսեցիներու բոլոր փորձերը ձախողած են եւ Աստուծոյ կամքը իրագործուած է: Ս. Յարութեան տօնը նաեւ յուշարար է մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ սիրոյն եւ զոհողութեան, որ մարմնաւորուեցաւ Քրիստոսի աշխարհ առաքելութեամբ ու խաչին վրայ մարդուն փրկութեան համար զոհաբերումով: Հետեւաբար, իբրեւ հաւատացեալներ, պարտինք երախտապարտ ըլլալու Երկնաւոր Հօր, փառաբանենք Զինք եւ հետեւինք անոր ծառայասիրութեան եւ սիրոյ օրինակին, ինչպէս որ մեր սրբազան պապերը ըրին անցեալին, Քրիստոսի լոյսով վերանորոգեցին եւ լուսաւորեցին մեր ժողովուրդը, շատեր յանձն առին նահատակուիլ, սակայն ապաւինեցան Աստուծոյ, որ բոլորիս յաւիտենական ապաւէնն է: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց հաւատացեալները, գնահատեց ծխական շրջանի ծառայողները եւ իր խօսքը եզրափակեց «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով:
Առաջնորդ Սրբազանը Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող Ս. Խորանէն վառած մոմը Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի միջոցաւ փոխանցեց հաւատացեալներուն, որոնք «Այսօր Յարեաւ» շարականի աւետիսով իրենց մոմերը վառեցին եւ Քրիստոսի լոյսը տարին իրենց տուները:
Իսկ Երկուշաբթի, 28 Մարտը Ս. Յարութեան տօնի Մեռելոց յիշատակի օրն էր: Այս առիթով, մեր Թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատան “Hall of Liberty” եւ Կլենտէյլի գերեզմանատան “Church of the Recessional” մատուռներուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատան հոգեհանգստեան արարողութեան: