Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առիթով, Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։ Պիտի քարոզէ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։
կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդակից դառնալու Սբ. Թարգմանչաց վարդապետաց աւանդին։