Երեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2018-ին, Լոս Անճելըսի Մանուկներու Հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-ձեռնարկ մը, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք այս հիւանդանոցին ծիրին մէջ գործող «Հայ Դեսպաններ»ուն։ Սա հայկական մեր գաղութի անդամ անհատներէ եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներէ բաղկացած խմբակ մըն է, որ հիւանդանոցին հետ գործակցաբար, յոյսի եւ աւելի առողջ ապագայի մը ի խնդիր աշխատանք կը տանի մեր շրջանին թէ Հայաստանի մէջ, կազմելով պատուիրակութիւններ եւ տրամադրելով բուժումի միջոցներ, գործակցաբար Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին եւ Հայկական Ակնաբուժութեան Ծրագիրին հետ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ձեռնարկին ներկայ եղան Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Տիար Րաֆֆի Օհանեան եւ անդամ Մանուկ Սրկ. Չուլեան։ Տեղի ունեցաւ «Հայ Դեսպաններ»ու գործունէութեան ներկայացման ու քննարկման ասուլիս մը, զոր վարեց հիւանդանոցի պատասխանատուներէն Տոքթ. Արա Պալըքեան։