Ս. Աստուածածնայ Տօնին Առիթով Աւանդական Այցելութիւն եւ Խաղողօրհնէք Արարատ Տան Մէջ


Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ ամսական դրութեամբ եւ տօնական օրերուն, Թեմիս հոգեւորականաց դասը այցելութիւններ տայ «Արարատ Տուն» եւ մեր տարեց սերունդի անդամները մասնակից դարձնէ օրուան խորհուրդին: Այս աւանդութեան հաւատարմութեամբ, Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2016ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ քահանայ հայրեր այցելեցին Արարատ Տան Միշըն Հիլզի կեդրոնը եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յատուկ եկեղեցական արարողութիւն ու խաղողօրհնէք կատարեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին ու մատրան մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը առաջին հերթին այցելեցին հիւանդանոցի բաժինը, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն եւ խաղողի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ բժշկութեան աղօթք: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան բարեմաղթութիւններ ուղղեց պատսպարեալներուն եւ զանոնք հոգացող պատասխանատուներուն: Հաստատութեան պատասխանատուներէն Տիար Տէրիք Ղուկասեան եւ Տիկին Մարկարիթա Քէշիշեան ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ ընկերակից հոգեւորականներուն, որոնք յարատեւօրէն հոգեւոր խնամք կը մատակարարեն այս հաստատութեան: Արարողութեանց աւարտին, պատսպարեալները ստացան Ս. Հաղորդութիւն, ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն:

Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը ուղղուեցան հաստատութեան մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածնայ տօնին յատուկ ժամերգութիւն. երգուեցան Աստուածամօր նուիրուած շարականներ, կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք, Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրելով աշխարհի խաղաղութեան ու աշխատանքի-հունձքի արգասաբերութեան համար: Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսք: Ան առողջութիւն մաղթեց պատսպարեալներուն, գնահատեց հաստատութեան պատասխանատուներուն նուիրեալ աշխատանքն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն: Ան նաեւ բոլորը յորդորեց որդեգրելու Աստուածամօր յատկանիշներն ու առաքինութիւնները, եւ ապաւինելու անոր բարեխօսութեան: Հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մարք Սիւրմէեան, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ ինչպէս միշտ, այս տարի եւս, տօնական այս օրուան խորհուրդին հաղորդակից դարձուց հաստատութեան անդամներն ու պատասպարեալները:

Աւարտին, Արարատ Տան տնօրէնութիւնն ու անձնակազմի անդամները ճաշով հիւրասիրեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը: Տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, երգուեցան Աստուածամօր նուիրուած մեղեդիներ ու շարականներ:

Թէ՛ հիւանդանոցի բաժինին մէջ եւ թէ մատրան՝ արարողութեան մասնակիցներուն բաշխուեցան Աստուածամօր նուիրուած սրբանկարներ եւ աղօթքներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022