Տեառնընդառաջի Նախատօնակ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտներու Տարեկան Հանդիպումը Առաջնորդ Սրբազանին Հետ


Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, եւ պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2017ի երեկոյեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, որուն մասնակցեցան հոգեւորականաց դասու անդամներ, իսկ եկեղեցական արարողութեան աւարտին, բակին մէջ տեղի ունեցաւ խարոյկի հրավառման արարողութիւնը:

Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետն ու փոխ ատենապետը՝ Տեարք Վահէ Յովակիմեան եւ Կարօ Էշկիեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամներ, սկաուտական խմբապետներ եւ արենոյշներ՝ միութեան տարբեր մասնաճիւղերէն: Ներկայ էր նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Երեկոյեան Ժամերգութիւնը սկսաւ «Տէրունական Աղօթք»ի հաւաքական արտասանութեամբ, որուն ընթացքին երգուեցաւ Քրիստոսը փառաբանող «Լոյս Զուարթ» շարականը։ Ժամերգութեան հետեւեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։ Երգուեցան Քրիստոսի տաճար ընծայումն ու Սիմէօն ծերունիի հանդիպումը նկարագրող շարականները, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը խնկարկելով շրջեցաւ եկեղեցւոյ մէջ եւ օրհնեց ներկայ հաւատացեալներն ու մանուկները: Ապա տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը:

Յիսուսի Տաճար ընծայման խորհուրդը բացատրող իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շարականագիրին բառերը մէջբերելով՝ ըսաւ. «Բարձունքներուն մէջ իմանալի զօրութիւններուն կողմէ փառաբանուող Քրիստոս, Դուն որ այսօր տաճար եկար ընծայման համար, որպէսզի մեզ՝ արարածներս Բարձեալ Հօրդ ընծայես».
buy vardenafil generic https://rxbuywithoutprescriptiononline.com over the counter

ան նշեց, որ այս տօնը Իմանալի Լոյսին՝ Քրիստոսի տօնն է, որ աշխարհ եկաւ մեր փրկութեան ու թողութեան համար։ Աստուածորդւոյն երկրաւոր ծնողները, հաւատարիմ մնալով աւանդութեան՝ Յիսուս Մանուկը տաճար տարին ծնունդէն քառասուն օր ետք: Զինք դիմաւորեցին Սիմէոն Ծերունին եւ Աննա Մարգարէուհին. Սիմէոն Ծերունին եղած էր Աստուածաշունչի թարգմանիչներէն եւ մարգարէութեանց քաջածանօթ մէկը, Ս. Հոգիին կողմէ անոր խոստացուած էր արժանանալու մարդացեալ Աստուածորդւոյն տեսութեան. ան Սուրբ Հոգիէն մղուած տաճար եկած էր, եւ երբ Աստուածամայրն ու Հայր Յովսէփ Յիսուս Մանուկը բերին, Սիմէոն Ծերունին զայն իր գիրկը առաւ եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որովհետեւ իր աչքերը տեսած էին Փրկիչը, որ եկած է իբրեւ լոյս աշխարհի: Այս աւանդապահութիւնը իբրեւ պատգամ փոխանցուած է քրիստոնեաներուս, եւ այսօր, նոյն ոգիով ու հաւատարմութեամբ, հայ ծնողներ իրենց նորածին ու մատղաշ զաւակները եկեղեցի կը բերեն, որպէսզի ընծայեն Ս. Խորանին ու տոգորուին Աստուծոյ շնորհներով:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց մեր կեանքերը Աստուծոյ ընծայելու կարեւորութիւնը: Ան յորդորեց որ իւրաքանչիւրս մեր կեանքերը ընծայենք Աստուծոյ, որովհետեւ այս օրը Աստուծոյ ընդառաջ երթալու խորհուրդը կը փոխանցէ մեզի, ու մենք կոչուած ենք Աստուծոյ հրաւէրին ընդառաջելու՝ այլ խօսքով Աստուծոյ հանդիպելու, եւ Աստուծոյ հանդիպելու համար պէտք է պատրաստ ըլլանք սիրտով, միտքով ու հոգիով, որպէսզի Ան մտնէ մեր կեանքերուն մէջ եւ լոյս սփռէ ու պայծառացնէ մեր հոգիները։

Յիշեցնելով, որ 40 օր առաջ, տօնեցինք Յիսուսի Ս. Ծնունդը, որ մարդկութեան տրուած մեծագոյն պարգեւն է, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ.- «Արդեօք մեր հոգիները, սիրտերն ու միտքերը լայնօրէն բացած ե՞նք Քրիստոսին, արդեօք պատրաստ ե՞նք մեր կեանքերը լուսաւորելու Քրիստոսի անսպառ լոյսով, մեր հոգիները ի՞նչ վիճակով կ’ընծայենք Իրեն, արդեօք նոր առաքինութիւններ ձեռք բերա՞ծ ենք, արդեօք երախտապարտ ե՞նք մեզի տրուած օրհնութիւններուն, պարգեւներուն եւ շնորհքներուն համար:»

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ այս տօնին առիթով մեր ժողովուրդի դարաւոր աւանդութեան մասին, որ կ’արտայայտուի եկեղեցւոյ բակին մէջ խարոյկ վառելով ու անոր շուրջ տօնական մթնոլորտ ստեղծելով: Ան ընդգծեց, որ այս արարողութիւնը խորհրդանիշն է լոյսին, որ կը համակէ հաւատացեալ հայը, որպէսզի հայ ընտանիքը իր սեփական յարկը կը ջերմացնէ Քրիստոսի սիրոյն ջերմութեամբ, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Ան իր լոյսով լուսաւորէ հայ ընտանիքները եւ Ս. Հոգիի շնորհքներով զարդարէ բոլորը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն վառեց աւանդական մոմը՝ իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի լոյսին, եւ հաւատացեալները իրենց մոմերը վառեցին այդ մոմէն։ Այնուհետեւ, «Քրիստոս Փառաց» շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւները ծնողներու կողմէ իրենց մատուցուած երեխաները Ս. Խորան ընծայեցին։

ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ԽԱՐՈՅԿԻՆ ՇՈՒՐՋ Արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու ընկերակցութեամբ, թափօրով դէպի եկեղեցւոյ բակը առաջնորդեցին հաւատացեալները. Առաջնորդ Սրբազանը խորանէն բերուած մոմով վառեց խարոյկը, որուն շուրջ երգուեցան Ս. Վարդանանց նուիրուած շարականներ ու ազգային երգեր:

«Ուրմիա» հայրենակցական միութեան երգչախումբն ու պարախումբը ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն պարերով միացաւ նաեւ ժողովուրդը: Խարոյկին շուրջ ստեղծուեցաւ հայկական տօնական մթնոլորտ:

Տօնահանդէսը վերջ գտաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգին՝ «Յառաջ Նահատակ»ին, «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի երգեցողութեամբ:

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներ ու սկաուտներ եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ համախմբուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու հոգեւոր հայրերուն շուրջ, աւանդական ընթրիքի երեկոյին համար, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Տիար Արտաշէս Ղազարեան կատարեց սկաուտական խմբապետական աստիճանի տուչութիւն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւն։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ վարեց յայտագիրը: Յանուն Շրջանային Վարչութեան, խօսք առին Տիար Ղազարեան եւ խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալ եկեղեցւոյ ու Առաջնորդ Սրբազանին: Խօսք առաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, որ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ներկայութիւնը եւ սեղմ յուշեր պատմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր կեանքէն:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սերնդակերտ առաքելութիւնը եւ խրախուսեց երիտասարդ սկաուտներն ու արենոյշները, որ հաւատարիմ մնան իրենց երդումին, ծառայեն եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին: Ակնարկելով սկաուտական աստիճանի արժանացողներուն՝ Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերեց Աւետարանի այն խօսքը, ըստ որուն՝ «ան որ ունի՝ աւելիով պիտի տրուի, իսկ ան որ չունի, ունեցածն ալ պիտի առնուի» (Մատթ. 13:12), նշելով, որ աստիճանի արժանացողները անոնք են, որոնք իրենց տրուածը արժեւորած են ու արժանացած՝ այս գնահատանքին: Այս մօտեցումով ալ, ան յորդորեց, որ սկաուտները յանձնառութեամբ, լրջութեամբ, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ կարգապահութեամբ վերանորոգեն իրենց ուխտը, միշտ եւ ամենուրեք հաւատարիմ մնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացիր եւ բարձրացուր» նշանաբանին։

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը խաչեր եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 20-ամեակին առիթով պատրաստուած գրքոյկէն ու տեսաերիզէն օրինակներ նուիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն:

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022