Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան՝ Վարդավառի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը ուղղեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պատարագեց եւ քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիար Աւօ Քէշիշեան, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարը՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։
Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս ի մի խմբուած կը տօնենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, որուն խորհուրդն ու պատգամը լաւագոյն առիթն է իմանալի աչքերով տեսնելու ու հոգեւորապէս զգալու Տիրոջ պայծառակերպութիւնը, եւ ըստ այնմ մեր կեանքերը բարեփոխելու ու պայծառակերպելու։ Առաջնորդ Սրբազանը յուզումով նշեց, որ 42 տարի առաջ, նոյն այս տօնին էր, որ իբրեւ նորընծայ կուսակրօն քահանայ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանեց Տիրոջ Ս. Սեղանին վրայ, ինչ որ մեկնակէտը դարձաւ իր առաքելութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ շարականի բառերուն հետեւողութեամբ աղօթելով. «Ով Տէր, կ’աղաչենք, որ մեզ ալ բարձրացնես զգալի եւ տեսանելի Թաբօր լեռնէն աւելի վեր, հասնելու համար երկնքի բարձրութիւնը ունեցող Քու իմանալի եւ լուսաւոր խորաններուդ»։ Ան անդրադարձաւ Թաբօր լերան վրայ տեղի ունեցած՝ Յիսուսի հրաշափառ այլակերպութեան դրուագին, եւ նկատել տուաւ, թէ ինչպէս որ այդ պահուն, Յիսուսի մարդկային բնութեան կողքին՝ աստուածային բնութիւնն ալ յայտնուեցաւ, այնպէս ալ մենք զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը այստեղ, մեր կեանքին մէջ եւ ամէնուր։ «Այս խորհուրդը մենք ազգովին իւրացուցած ենք մեր պատմութեան ընթացքին, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աստուածգիտութեան լոյսին հրաւիրեց հայ ժողովուրդը, եւ ազգային աւանդութիւնները պատշաճեցուց քրիստոնէականին հետ», շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ նշեց, որ օր մը առաջ Ուխտի Տապանակին տօնն էր, իսկ Այլակերպութեան տօնը նաեւ Ջրհեղեղի խորհուրդը յիշելու տօնն է. ջրհեղեղի ժամանակ ջուրը բարձրացաւ եւ Աստուծոյ շնորհքը աղաւնիի կերպարանքով՝ ձիթենիի ճիւղով խաղաղութիւն բերաւ, Աստուծոյ ներկայութեամբ մարդիկ լուսաւորուեցան եւ մաքրուեցան եւ այդ իսկ պատճառով, հայկական աւանդութեան համաձայն, իրարու վրայ ջուր կը սրսկենք եւ աղաւնի կը թռցնենք՝ իբրեւ հոգեկան մաքրութեան, խաղաղութեան, վերանորոգութեան ու պայծառօրէն լուսաւորուելու խորհրդանիշ։
Առաջնորդ Սրբազանը Այլակերպութեան խորհուրդը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց. առաջին՝ տեսնել Քրիստոսի աստուածային ու մարդկային բնութիւնը, իսկ տեսնելու համար իւրաքանչիւրս մեր Թաբօր լեռը պէտք է բարձրանանք, այլ խօսքով մեր երկրաւոր կեանքին ընթացքին ուղղուինք դէպի փրկութիւն, դէպի Աստուծոյ հետ միութիւն։ Երկրորդ՝ Ս. Հոգիի շնորհքներն ու օրհնութիւնները զգենունք՝ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ ու աղօթքով, եւ երրորդ՝ ընդունինք որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Տէրն է Կեանքի եւ մահուան, աշխարհի լոյսն է, մեր կեանքին ու գոյութեան Լոյսը, «ուստի, Այլակերպութեան տօնը հրաւէր է իւրաքանչիւրիս՝ խնդրելու Աստուծմէ, որ մեզ ալ բարձրացնէ երկնքի բարձրութիւնը ունեցող Իր իմանալի եւ լուսաւոր խորանները, ուր միայն լոյս, յոյս, սէր եւ Իր ներկայութիւնը պիտի գտնենք», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը: