Գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, եւ հաւատարիմ մնալով Ազգային Առաջնորդարանի յարկը ուխտավայր նկատելու աւանդութեան, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8րդ կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 2 Փետրուար 2017ի առաւօտուն այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Աւելի քան 30 աշակերտներուն կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան ու դաստիարակներ։
Աշակերտները առաջին հերթին առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց աշակերտներուն ու դաստիարակներուն այցելութիւնը եւ սեղմ գիծերու մէջ բացատրութիւն տուաւ մատուռի անուանակոչութեան մասին:
Ապա, աշակերտները անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ, ուր ներկայացուցին կոկիկ եւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը: Աշակերտներէն Թալին Քրումեան ընկերներուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւոր հայրերուն, տնօրէնուհիին եւ դաստիարակներուն, այս առիթին ստեղծման համար, նշելով, որ Վարդանանց տօնի նախօրեակին զուգադիպող այցելութեան առիթով պատրաստած են ընդհանրապէս այդ տօնին նուիրուած յայտագիր մը եւ կ’ուզեն լսել Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը:
Այնուհետեւ աշակերտները հանդէս եկան խմբային արտասանութիւններով, երգերով եւ դաշնակի վրայ երաժշտական կտորներով: Անոնց շուրթերուն վերապրեցան Ժագ Ս. Յակոբեան, Դանիէլ Վարուժան, Վահան Թէքէեան եւ Եղիշէ, նաեւ երաժշտութեան ուսուցիչներու խմբավարութեամբ երգեցին «Սարդարապատ»:
Աշակերտական յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղեց իր պատգամը: Ան ողջունեց աշակերտներուն եւ դաստիարակներուն այցելութիւնը Ազգի Տուն, գնահատանքով արտայայտուեցաւ ներկայացուած յայտագիրին համար եւ դրուատեց աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն ճիգը: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն անդրադարձաւ այս օրերուն զուգադիպող հայկական տօներուն, յիշեցնելով, որ աշակերտները մատրան մէջ տեսած էին Ս. Տրդատ թագաւորին ու Ս. Աշխէն թագուհիին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին ձեռամբ մկրտութեան պատկերը, հայկական մշակոյթի հիմնադիրներուն՝ Ս. Սահակ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի պատկերը, իսկ մօտ ատենէն, անոնց կողքին տեղ պիտի գտնէ Ս. Վարդանանց նուիրուած պատկեր մը: Ան խօսեցաւ այս երեք արժէքները իրարու կապող պատմական եղելութեանց մասին, ընդգծելով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ 301 թուականին Հայաստանը լուսաւորեց քրիստոնէութեան լոյսով, Թարգմանիչ Հայրերը դար մը ետք մեր մշակոյթն ու քրիստոնէութիւնը հայացուցին գիրի ու գրականութեան ճամբով, իսկ Վարդանանց հերոսամարտը կերտող Սպարապետն ու նախարարները վերահաստատեցին քրիստոնէութեան ու հայկականութեան, սեփական մշակոյթին հաւատարմութեան ուխտը, մերժելով Յազկերտի պահանջները՝ որդեգրելու կրակապաշտութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ յառաջիկայ Կիրակի, մեր եկեղեցին պիտի նշէ Առաջաւորաց Պահքը, որ կ’ոգեկոչէ քրիստոնէութեան ընդունման համար պատրաստութեան խորհուրդը, իբրեւ պատգամ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին կողմէ, իսկ անոր կը յաջորդեն Ս. Սարգիս Զօրավարին, Ս. Ղեւոնդեանց ու Ս. Վարդանանց տօները, Փետրուարը վերածելով քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ մեր ուխտի վերանորոգութեան տօնական շրջանի: Ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ աշակերտներուն արտասանութիւններուն եւ ընթերցումներուն ընդմէջէն Վարդանանց հերոսամարտի պատգամները եւ մեր քրիստոնէական արժէքները հնչած են հարազատօրէն, մասնաւորաբար վեր առաւ Վարդանի Ճառին այն խօսքերը, թէ նախարարներ ու զինուորներ քաջութեան վատութիւն չխառնեն, չըլլան դաւաճան հաւատքի ու ազգային մշակոյթի, ու իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով աշակերտներուն, որ վերանորոգեն քրիստոնէութեան ու մեր մշակութային ժառանգութեանց հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը, բաց ականջներով ու հոգիով ընկալեն ուսուցիչներուն ու երէցներուն կողմէ իրենց աւանդուած արժէքները, ապրին զանոնք ու ապագային այդ բոլորը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:
Աշակերտները յուշանուէրներ բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր կարգին ծանօթ արուեստագէտ Հրայր «Բազէ» Խաչերեանի «Yergir 2 Yergir» հատորէն օրինակ մը նուիրեց վարժարանի գրադարանին, իսկ աշակերտներուն նուէր տրուեցան խաչեր, նկարներ եւ էջադիրներ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով, ապա, բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը: Աւարտին, աշակերտները առիթ ունեցան ծանօթանալու Ազգ. Առաջնորդարանի ներքին բաժանմունքներուն եւ լուսանկարներ ունեցան Ցեղասպանութեան Ս. Նահատակներուն նուիրուած յուշակոթողին առջեւ: