Շաբաթ, 14 Մարտ 2015ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին յիշատակեց իրենց հաւատքին համար նահատակուած քառասուն քաջարի զինուորներուն՝ Ս.
buy propecia online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/propecia.html no prescription
Քառասնից Մանկանց տօնը, որ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն է։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Մարտին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Սրբազան Հայրը “Հրաշափառ”ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի. թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ սարկաւագաց դասը, որոնք սպասարկեցին Ս. Խորանին։
Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր Ս. Պատարագին, որպէս ուխտաւոր ժողովուրդ, եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբ նահատակներու հաւատքով ու ոգիով առաջնորդուած։
Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեշունչ պատգամով վեր առաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակութեան խորհուրդը, որոնք հանդիսացան հաւատքի հերոսներ։ Անոնց նահատակութեան պատմութեան անդրադառնալով, Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալները հաւատքի հանդէպ ըլլալ բծախնդիր, սուրբ նահատակներու ունչով ու ոգիով լեցուած։ Անոնք, Տէր Յիսուս Քրիստոսը որպէս գերագոյն արժէք ունէին, զայն դաւանելով իրենց միակ Տէրն ու Փրկիչը։
Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ Մեծ Պահոց Ե. Կիրակիի օրուան խորհուրդին, որ մեր հայրերու բնորոշումով կը կոչուի Դատաւորի Կիրակի, եւ օրուան աւետարանական ընթերցումի ընդմէջէն Քրիստոս առակով մը կը պատգամէ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք առանց ձանձրանալու, վհատելու ու յանձնուելու շարունակեն աղօթել, ինչպէս էր պարագան այրի կնոջ։ Աստուած, մեր արդար Դատաւորը, որքա՜ն եւ աւելի մեր դատը պիտի տեսնէ ու արդարութեամբ մեզ վարձատրէ, մինչեւ այն ատեն, որ հաւատացեալներս առանց վհատելու եւ յուսահատելու կը շարունակենք աղօթել ու Իրեն դիմել։ Սրբազան Հայրը իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Օրէնճ Քաունթիի գաղութին, մաղթելով յաջողութիւն իրենց աշխատանքներուն մէջ։
“Տէր ողորմեա”ի աղօթքէն առաջ, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, իր օրհնաբեր ներկայութեան համար ու շեշտեց Սրբազան Հօր պատգամին կարեւորութիւնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Մատաղի նուիրատու՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Մանուշակ Եկէնեաններուն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ շինութեան ու ծաղկումին մասնակից եղած, ինչպէս նաեւ մատաղի նուիրատուներու ննջեցեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ թափօրը ուղղուեցաւ “Ղուկասեան” սրահ, ուր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։
Մատաղի ու սեղանի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ, մասնակցութեամբ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերուն։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ “Կիլիկիա”ի ու “Մեր Հայրենիք”ի հաւաքական երգեցողութեամբ: Այս առթիւ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ բոլոր սպասարկողները, մատաղի նուիրատուները, եկեղեցւոյ պատկան մարմինները եւ գաղութի մէջ գործող միութիւններն ու հաստատութիւնները, իրենց եկեղեցանուէր ու ազգանուէր գոծունէութեանց համար։
Հաւատացեալները հաղորդուելով օրուան խորհուրդով՝ մեկնեցան իրենց բնակարանները, իրենց հետ տանելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց օրհնութիւններն ու անխախտ հաւատքը։