ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳՆ ՈՒ ՃԱՐԱԳԱԼՈՅՑԸ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը կանխող Աւագ Շաբաթը իր լրումին կը հասնի Աստուածորդւոյն թաղման ու Ս. Յարութեան տօնի նուիրուած արարողութիւններով, որոնց շարքին է Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցող Ճրագալոյցի արարողութիւնը եւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին, հաւատացեալները կը ստանան յարութեան աւետիսը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 6 Ապրիլի երեկոյեան, Թաղման Կարգի արարողութեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւ փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը։ Արարողութեան ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Տիար Գրիգոր Յովհաննիսեան։

Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերութեան խորհուրդը մեր մեղքերու թողութեան եւ փրկութեան համար։ Ապա, հրաւիրեց ներկայ հաւատացեալները թաղման կարքի խորհուրդով լեցուած, երկիւղածութեամբ մօտենալ Քրիստոսի գերեզմանին ու անկէ հոգեւոր լոյսը ստանալու եւ երկրպագելու մեր կեանքի »անմահութեան գանձին« առջեւ։

Շաբաթ 6 Ապրիլի երեկոյեան, Ս. Յարութեան տօնի Ճրագալոյցին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները կատարեցին Ս. Գրային ընթերցումները։

Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Յարութեան խորհուրդով լի իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներու, եւ Ս. Յարութեան սիրոյ, զորութեան, խաղաղութեան եւ վերանորոգեալ կեանքի պատգամով յաղթական շարունակելու մեր հոգեւոր եւ ազգային կեանքը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականներ ժողովուրդին հաղորդեցին բարի լուրը. »Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց«։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022