Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի Կոստանդնուպոլսոյ Առաջնորդ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի, որ Լոս Անճելըս կը գտնուի՝ Մխիթարեան Միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր նուիրուած ձեռնարկներու առիթով։ Հիւր հոգեւորականին կ’ընկերանար միաբանութեան անդամներէն Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան։
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեց Ազգ. Առաջնորդարանի բազմաճիւղ առաքելութեան մասին, իսկ հիւր միաբանը ծանօթութիւններ տուաւ Մխիթարեան միաբանութեան աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին, որոնց շարքին՝ միաբանութեան հիմնադրութեան 300-ամեակի նշումը։ Արծարծուեցան նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան առնչուող հարցեր։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Մխիթարեաններու մշակութային գործունէութեան մասին, անցեալին թէ այսօր, ու յաջողութիւն մաղթեց Մխիթարեան հայրերուն։
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը եւ Գերապայծառ Առաջնորդը յուշանուէրներ փոխանակեցին։