Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Էնսինոյի «Աւետիսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 56-ամեակի ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ 56-ամեակի յանձնախումբին կողմէ, իսկ հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ եւ Նորա Սիմոնեան ամոլը։
Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի ու Մարի Գապայեան նախակրթարանի ներկայացուցիչներ, Սան Ֆերնանտօ հովիտի քոյր միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Յայտագիրի սկիզբ առաւ հոգեւոր հայրերու սեղաններու օրհնութեամբ։ Ապա, Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եւ երախտիքի խօսքեր արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովին եւ Ազգային Վարչութեան, որոնք միշտ զօրավիգ կանգնած են եկեղեցւոյ եւ ծխական շրջանի աշխատանքներուն։ Ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալ ամոլին եւ բոլոր նուիրեալներուն։
Հոգաբարձութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Տիար Յովիկ Պետեւեան, որ անդրադարձաւ անցած 56 տարիներու իրագործումներուն, որոնք արդիւնք էին անսակարկ ծառայողներու նուիրուածութեան։ Ան գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իբրեւ հոգեւոր սպասարկուներ կամ աշխարհականներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Սան Ֆերնանտօ հովիտի ազգային հաւաքական կեանքին եւ իրենց անսակարկ ծառայութեամբ գաղութի կեանքը աւելի եւս ջերմացուցած ու լուսաւորած են։
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը, Հոգեւոր Հովիւին ու Հոգաբարձութեան ատենապետին ընկերակցութեամբ, արծաթապատ երկաթագիր «Մատեան Ողբերգութեան» (Նարեկ) գիրքը նուիրեցին Տիկին Նորա Սիմոնեանին։ Տիկին Սիմոնեանը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց իւրօրինակ յուշանուէրին եւ երեկոյի հիւրընկալութեան առիթի ընձեռման համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց եկեղեցիէն ներս տարուող հսկայական աշխատանքերը։ Ան նոյնպէս երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր օրհնութեան եւ առաջնորդութեան համար, ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններուն՝ անոնց նուիրեալ ծառայութեան համար։
Պաշտօնական յայտագիրը եզրափակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամով։ Ան նախ շնորհաւորեց եւ գնահատեց Հոգեւոր Հովիւը՝ անցնող աւելի քան քսան տարիներու եկեղեցանուէր ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց նախկին եւ ներկայ Հոգաբարձութեանց ու Տիկնանց Միութեանց անդամները, եկեղեցւոյ բոլոր նուիրեալները եւ երեկոյի կազմակերպիչները։
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը կեդրոնացուցած էր Ս. Գրային հետեւեալ համարներուն վրայ. «Աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ. 3.14), «Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ՛ուտէ եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ» (Առ. 27.18) եւ «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց» (Կղ. 3.23)։ «Այս երեկոյեան պատգամը ուղղուած է բոլորիս, որովհետեւ տարեդարձները ուխտի վերանորոգութեան պահեր եւ առիթներ են, որպէսզի մենք նժարի վրայ դնենք մեր ծառայութիւնը եւ հաւատաւոր առաքելութիւնը եւ եթէ երբեք բացթողումներ ունեցած ենք, զանոնք սրբագրենք եւ սրտով, հոգիով ու մտքով շարունակենք մեր ծառայութիւնը։ Երբ բանի մը ձեռնարկենք եւ ամբողջական սիրով ըլլայ այդ մէկը, ամէն թերութիւն եւ բացթողում երկրորդական կը մնայ, որովհետեւ սէրը ամէն բան կը ծածկէ իր երկայնամտութեամբ եւ համբերութեամբ, եւ ամէն բան շիտակ ուղիին մէջ կը դնէ», ընդգծեց ան։
Գնահատելով բոլորին նուիրումն ու ծառայութիւնը, Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց, որ բոլորը անխտիր իրենց ծառայութեան ուխտը սիրով վերանորոգեն, յաւելելով, որ այն հոգածութիւնը որ կը տածեն եկեղեցւոյ եւ վարժարանին նկատմամբ, անպայմանօրէն անոր արդիւնքը պիտի տեսնեն, այնպէս ինչպէս թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կը ճաշակէ եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։ «Իմ մաղթանքս ու աղօթքն է, որ ինչ որ ընենք սրտանց ընենք, նախ Աստուծոյ համար ընենք, Աստուծոյ կողմէ շնորհք գտնելու համար, եւ ոչ թէ մարդոց կողմէ փառք եւ պատիւ փնտռելու», նշեց ան։
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց՝ մաղթելով, որ ծխական ընտանիքը շարունակէ յաջողութիւններ եւ նորանոր բարձունքներ նուաճել իր առաքելութեան մէջ, իսկ գնահատեց եւ օրհնեց Սիմոնեան ընտանիքը՝ հիւրընկալութեան եւ առատաձեռնութեան համար։