Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 55-ամեակին Առիթով Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Տօնախմբութիւն

Կիրակի, 4 Նոյեմբեր 2018-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցին պիտի տօնէ օծման 55-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւն:

Ուրբաթ, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ 55-ամեակի տօնախմբութիւն-ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ծերոն եւ Սօնա Թիթիզեան ամոլին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ 55-ամեակի յանձնախումբին կողմէ։ Յայտագիրը ունի գեղարուեստական բաժին եւ մոմավառութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022