Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ 117-Ամեակի Տօնակատարութիւն

– ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒՆ
– ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԱՆՈՅՇ ՇԱՄԼԵԱՆ ԱՄՈԼԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով ու պաշտօնական ճաշկերոյթով մը տօնեց իր հիմնադրութեան 117-րդ տարեդարձը:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն, ապա, նախագահեց ճաշկերոյթին։ Ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Տիար Արայիկ Յարութիւնեան, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիար Արա Վարդանեան, Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի գործադիր տնօրէն Տիար Սարգիս Գոթանճեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան, Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներ, գլխաւորութեամբ ատենապետին՝ Տիար Վահէ Յովակիմեանի, Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ներկայացուցիչներ եւ սկաուտներ։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու շքախումբով եւ թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցի եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց, զգեստաւորուած պատարագի նոր հանդերձանքով, որ նուիրուած էր Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր 60-ամեակին առթիւ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանն ու սարկաւագները։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ շնորհաւորելով ծխական համայնքը՝ Եկեղեցւոյ 117-րդ ամեակին առիթով, գնահատանքի խօսք ուղղեց հոգեւոր հովիւ Հայր Սուբին ու հոգաբարձութեան անդամներուն եւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն, յորդորելով շարունակել նախնեաց ճանապարհն ու ծառայական ուղին։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հայրենի հիւրերն ու պաշտօնական ներկայացուցիչները, որոնք Թելեթոնի առիթով դարձեալ մեր կողքին կը գտնուին. ան նշեց, որ «այս տարուան թելեթոնը յատուկ նշանակութին ունի եւ կը կրէ «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը, նկատի ունենալով որ Արցախի տնտեսութիւնը հիմնականին մէջ կը յենի երկրագործութեան վրայ, ուստի այս տարուան եկամուտը պիտի տրամադրուի ջրամատակարարման ծրագիրներու, ոռոգումի միջոցներու արդիականացման եւ ընդարձակման»։

Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը կեդրոնացաւ օրուան աւետարանական հատուածին (Ղուկաս 9։44-50), որ խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան պատգամ մըն է, համաձայն Քրիստոսի խօսքին, «որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը»։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ իսկական մեծութիւնը ծառայութեան եւ համեստութեան մէջ կը կայանայ, եւ Քրիստոս մանուկի օրինակը բերելով կը սորվեցնէ մեզի բարեհամբոյր ըլլալ եւ յարգալից վերաբերիլ տկարին ու անիրաւուածին նկատմամբ։ «Մեր եկեղեցական ու ազգային ծառայական համակարգին մէջ չկայ մեծի ու փոքրի տարբերութիւն, որովհետեւ բոլորս ալ մէկ Աստուծոյ ու մէկ ազգի զաւակներն ենք, եւ որպէսզի Քրիստոսի ու մեր ազգին հարազատ ծառաները դառնանք՝ ապա պէտք է ծառայենք համեստութեամբ, պարկեշտութեամբ ու մեծ սիրով, ճիշդ Քրիստոսի օրինակով, որ եկաւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու մարդկութեան։ Ան նշեց, որ 117 տարի առաջ, այս եկեղեցւոյ հիմնադիրները ըրին նոյնը, անոնք իրենց ձեռքերը միացուցին իբրեւ նոյն ընտանիքի անդամներ, տքնեցան միասին՝ հաւատքով, սիրով ու խոնարհութեամբ, հաստատեցին ծխական համայնքը. ան յորդորեց համայնքի զաւակները, որ հետեւին անոնց օրինակին, համայնքը պահեն գօտեպինդ եւ բարգաւաճ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով ու օրհնելով յիշատակը եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն եւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ննջեցեալներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին միութեան ու անոր ճամբով՝ մեր ժողովուրդին, հետեւելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանախօսքին։ Ան նաեւ օրհնեց այժմու ծառայողները։

Յայտնենք, որ նոյն օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ննջեցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան անդամները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հետ, քննարկելով ծխական համայնքի հարցերն ու անմիջական ծրագիրները։ Անոնք բարձր գնահատեցին Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքի օրինակելի նուիրումը։

ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՇԱՄԼԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՄՈԼԸ
Յետմիջօրէին, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեդարձի ճաշկերոյթը, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, Արցախի ու Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն, Ազգ. Վարչութեան անդամներու եւ շուրջ 300 ծխականներու։

Հանդիսավարը՝ Օր. Քորթնի Սաղըրեան արտասանեց ողջոյնի խօսք. երգուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ տարեդարձին առիթով եւ շեշտեց միացեալ աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը։

Ճաշի պահուն, ներկաները վայելեցին երգով ու պարով համադրուած մշակութային պատկեր մը, ղեկավարութեամբ Օր. Կարինէ Յովհաննիսեանի։

Հոգեւոր Հովիւը արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Վարչութեան, որոնք այս տօնակատարութեան առիթով Ֆրեզնօ ժամանած էին։ Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ ծխական այս շրջանին մէջ անցեալ տարուան ընթացքին իրագործուած ծրագիրներուն մասին եւ կոչ ուղղեց մասնաւորաբար երիտասարդներուն, որ հաւատարիմ մնան մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի աւանդութեանց։

Հոգաբարձութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Բրշն. Պերճ Սրկ. Աբգարեան, որ ապա բեմ հրաւիրեց Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը։ Վերջինը հաստատեց, որ Սփիւռքի օժանդակութիւնները դրական մեծ բաժին ունին Արցախի արձանագրած յաջողութեանց մէջ. «հակառակ որ Հայաստանն ու Արցախը բազմաթիւ բարեկամ երկիրներ եւ բնական հարստութիւններ չունին, սակայն ունին սփիւռք մը, որ միշտ ալ սատար հանդիսացած է հայրենիքին», շեշտեց ան եւ այս առիթով, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Բակօ Սահակեանի հրամանագրով՝ «Երախտագիտութեան շքանշան»ով պատուեց Ազգ. Առաջնորդարանի, Հայաստանի ու Արցախի բարերարներէն Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան ամոլը։

Հանդիսավարը ապա հակիրճ ծանօթութիւններ հաղորդեց հոգաբարձութեան կողմէ այս տարի պատիւի արժանացող երկու նուիրեալներուն՝ Օր. Կրէյս Քազարեանի եւ Տիկին Մէյրի Էքմալեանի մասին, որոնք Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պիլ Սաաթճեանի ձեռամբ արժանացան յուշանուէրներու։

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ արտասանելու իր շնորհաւորանքի խօսքը։ Ան անգամ մը եւս ողջունեց Ազգ. Վարչութեան անդամները եւ շնորհաւորեց ծխական համայնքը, նշելով, որ այս տօնախմբութիւնն ու ծուխի իրագործումները մեր ամբողջ Թեմին համար գոհունակութեան առիթ են եւ համաթեմական նուաճում կը նկատուին, որովհետեւ թէեւ Թեմը կը բաղկանայ ծխական տարբեր համայնքներէ եւ տարբեր անձերէ ու շերտերէ, սակայն բոլորը կը կազմեն մէկ մեծ ընտանիք, կը վայելեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանին։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց յարգարժան հիւրերը եւ ներկաները յորդորեց պահպանելու Արցախի, մայր հայրենիքի ու սփիւռքի միասնութիւնը, միաժամանակ կոչ ուղղելով, որ այս համայնքը եւս բաց սրտով ու առատաձեռնութեամբ մասնակցութիւն բերէ Արցախի ի նպաստ թելեթոնին։

Շարունակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ անհատը առանձինն կրնայ որոշ նպաստ բերել հաւաքականութեան, սակայն հաւաքական գործը կրնայ շատ աւելի մեծ իրագործումներու հասցնել։ «Եթէ մենք կարենանք մեր անհատական շնորհները, տաղանդներն ու կարելիութիւնները ի գործ դնել իբրեւ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաները, մեր ճիգերը միացնել աւելի ընդհանրական բարիքի մը համար, անկասկած որ Աստուած պիտի օրհնէ մեր գործը եւ մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաջողութիւն, ինչպէս որ է պարագան ծխական այս համայնքին ծառայողներուն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ ծառայութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան էութիւնն իսկ էր, Իր կեանքի օրինակով ծառայութեան ճամբան ցոյց տուաւ մեզի ու պատգամեց, որ հետեւինք Իր օրինակին։ Իրերայաջորդ սերունդներ, հաւատալով այս եկեղեցւոյ առաքելութեան ու հաւատքի միջնաբերդ ըլլալու անոր հանգամանքին, անվհատ ծառայած են։ Ու թէեւ Վերանորոգումի Տարին կը մօտենայ իր աւարտին, վերանորոգումը այսօր ու միշտ անվերջանալի գործընթաց մըն է անհատներու եւ հաւաքականութեան մը համար։ Մէջբերելով Վերանորոգումի Տարուան Վեհափառ Հայրապետի պատգամին խօսքերը՝ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, որ իրեն վերապահուած կարեւոր դերը ստանձնէ համայնքի կեանքի վերանորոգութեան մէջ։ Այս առիթով, ան նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայր Սուրբին, Ազգային երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, Այրերու Ընկերակցութեան, Տիկնանց միութեան, Ս. Խորանին ծառայողներուն, դպրաց դասին եւ բոլոր կամաւորներուն մասին, որոնք միասնաբար լծուած են այս եկեղեցւոյ ու համայնքի պայծառացման առաքելութեան եւ ի խնդիր երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ հաղորդակից պահելու գործին։ Ան յատկապէս գնահատեց այն երիտասարդները, որոնք ճիգ ու ժամանակ կը տրամադրեն ի խնդիր համայնքի բարելաւման։

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ 2018 տարին պատմական հանգրուան մը դարձնող արժէքներուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-ամեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին, Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմին հաստատման 60-ամեակին, Արեւմտեան մեր Թեմի հաստատման 45-ամեակին, յուսալով, որ այս տարեդարձները յաւելեալ աշխատանքի ու ծառայութեան ներշնչումի աղբիւր ըլլան՝ փառաբանելու զԱստուած, եւ ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին։

Հոգաբարձութիւնը անակնկալ մը վերապահած էր Առաջնորդ Սրբազանին. պատրաստուած էր կարկանդակ մը, շնորհաւորելու համար Առաջնորդ Սրբազանին յոբելենական տարին։ Հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022