ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ԱՌԱԿԸ ՀՐԱՒԷՐ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱԼՈՒ

Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթի օրը, մեր եկեղեցւոյ կարգաւորութեան համաձայն, յիշատակն է Տասը Կոյսերու առակին։ Այս առիթով՝ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Աւագ Երեքշաբթի, 3 Ապրիլի երեկոյեան, հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ այս առիթով իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։

Խօսելով Տասը Կոյսերու առակին բովանդակած խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ անիկա հրաւէր մըն է արթնութեան ու Քրիստոսի համար միշտ պատրաստ ըլլալու։ »Եթէ մենք մեզ պատրաստ վիճակի մէջ չդնենք, ոչ ոք այդ քայլը պիտի առնէ մեր փոխարէն«, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, աւելցնելով, որ տասը կոյսերը, փեսային սպասման կացութեան մէջ, քունի մատնուեցան, սակայն անոնցմէ հինգը հանգիստ կերպով քնացած էին, որովհետեւ իրենց հետ պատրաստ իւղ ունէին, մինչդեռ միւսները անտարբեր ու անպատասխանատու կերպով քնացած էին, ու երբ արթնցան, արդէն ուշ էր։ Ան յորդորեց յարատեւօրէն հետամուտ ըլլալու հոգեւոր պատրաստութեան ու հաստատ նկարագիրի, որովհետեւ նկարագիրը փոխ չþառնուիր։

Արարողութեան մասնակցեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցէն տասը պարմանուհիներ, իբրեւ խորհրդանիշ առակին մէջ յիշատակուած տասը կոյսերուն։ Արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց զանոնք յուշանուէրներ յանձնեց անոնց։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022