Ս. Զատկուան Տնօրհնէք եւ Ժամերգութիւն Արարատ Տան Մէջ


Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս հոգեւորականները տաղաւար տօներուն կ’այցելեն “Արարատ” Տուն, հոգեւոր սնունդ մատակարարելու անոր բնակիչներուն, հոգաբարձական կազմին, պաշտօնէութեան եւ բուժքոյրերուն։

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, եւ պատսպարեալ տարեցները մասնակից դարձնելու համար տօնական օրերու մթնոլորտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015ի առաւօտուն այցելեցին “Արարատ” Տուն եւ Աւագ Չորեքշաբթիի յատուկ արարողութիւն կատարեցին հաստատութեան հիւանդանոցին եւ մատրան մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը հիւանդանոցի բաժինին մէջ նախագահեց տնօրհնէքի արարողութեան, ապա նաեւ մատրան մէջ օրուան յատուկ ժամերգութեան: Հիւանդանոցին մէջ, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան արտասանեց սրտի խօսք մը, շնորհաւորելով Ս. Զատիկը եւ առողջութիւն ու յաջողութիւն մաղթելով մեր տարեցներուն: Տնօրհնէքի արարողութենէն ետք, կատարուեցաւ հաւաքական խոստովանանք, քահանայ հայրեր բաժնեցին Ս. Հաղորդութիւն, ապա միասնաբար երգեցին “Կիլիկիա” մաղթերգն ու “Մեր Հայրենիք”ը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորական խօսքերէն ու բարեմաղթութիւններէն ետք, հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ժոզէֆ Կանիմեան խօսք առնելով, երախտագիտութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն, որոնք մշտապէս ներկայութիւն են հաստատութենէն ներս, եկեղեցին բերելով մեր հայ մայրերուն ու հայրերուն։ Ներկաները Սրբազան Հօր կողմէ Ս. Զատկուան յատուկ յուշանուէրներ ստացան։

Այնուհետեւ, մատրան մէջ կատարուեցաւ Աւագ Չորեգշաբթի օրուան յատուկ ժամերգութիւն, որուն աւարտին Հայր Պօղոս խօսեցաւ Քրիստոսի մատնութեան եւ թաղման խորհրդանիշ անուշահոտ իւղին մասին։ Մատրան մէջ եւս հաւաքական խոստովանութիւն տեղի ունեցաւ եւ ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն:

Հաստատութեան խնամակալ մարմինը պատրաստած էր ճաշի հիւրասիրութիւն մը, որ յաջորդեց արարողութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հոգեւորականները Ս. Յարութեան շարականներով, կատարեցին ջուրի, հացի ու աղի օրհնութիւն, որմէ ետք միասնաբար վայելեցին մտերմիկ մթնոլորտ մը սիրոյ սեղանի շուրջ։ Ճաշի աւարտին, կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք, իսկ հաստատութեան պատասխանատուներուն եւ բնակիչներուն տրուեցան 100ամեակի առթիւ Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքէն մէջբերումով Ազգ. Առաջնորդարանիս պատրաստած յուշանուէրներէն օրինակներ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022