3էն 6 Յուլիսին, Վէն Նայսի «Պըրմինկհէմ» վարժարանի մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Նաւասարդեան» 44-րդ փառատօնը։ Այս տարուան պատուոյ նախագահն է Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը, իսկ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ական»ը՝ Տիար Վարդգէս Շխրտըմեան։
Մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնն ու տողանցքը տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 6 Յուլիս երեկոյեան, որու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Յաղթանակի Պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 30 Յունիսին, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ բացման աղօթքը եւ իր բարեմաղթութիւնները պիտի փոխանցէ։
Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Ուրբաթ 5 Յուլիսի յետմիջօրէին պիտի այցելէ կրպակները։