Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ. Լոս Անճելըս Մասնաճիւղի Ներկայացուցիչներուն

Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2018-ի յետ միջօրէին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, իր կողքին ունենալով Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ. Լոս Անճելոսի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին պաշտօնապէս Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը ստանալու մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակի հանդիսութիւններուն։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին մասնաճիւղի ատենապետը՝ Տիար Օննիկ Պէրպէրեան, վարչութեան ու 50-ամեակի յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն ներկայութիւնը, բարձր գնահատեց հայ կեանքէն ներս Հ.
buy plavix online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/plavix.html no prescription

Մ.Ը.Մ.ին բերած մէկ դարեայ եզակի ծառայութիւնը, նկատի ունենալով, որ մարզական մեծ միութիւնը այս տարի ըստ արժանւոյն պիտի տօնէ իր 100-ամեակը, ապա կեդրոնացաւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի գործունէութեան ու աշխատանքին վրայ։ Ան ըսաւ, որ «այս մասնաճիւղը ինծի համար սրտամօտ միաւոր մըն է Թեմիս մէջ ծառայութեան կոչումիս առաջին տարիներէն ի վեր«, ու ընդգծեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր ժողովուրդի զաւակները դաստիարակեց առողջ մարդու, տիպար հայու եւ լաւ քրիստոնեայի կերպարով։ Իր արդիւնաւէտ ծառայութեան համար, այս միութիւնը միշտ ծաղկեցաւ եւ արժանացաւ մեր ազգին գնահատանքին»։

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում, եւ շարք մը հարցերու գծով Առաջնորդ Սրբազանը իր պատկերացումը փոխանցեց ներկաներուն։ Հրաժեշտի պահուն, հիւր վարչականները Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեցին 50-ամեակի նշանակը ներկայացնող յուշանուէր մը։ Առաջնորդ Սրբազանը, իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց հիւր պատուիրակներուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022