Լուսանկարիչ եւ Մշակոյթի Սպասարկու Ցոլակ Յովսէփեանի Ծննդեան 100-ամեակի Տօնախմբութիւն

Նախաձեռնութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2018-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թերթին բազմամեայ լուսանկարիչ, մշակոյթի սպասարկու եւ հանրային գործիչ Ցոլակ Յովսէփեանի ծննդեան 100-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետը եւ փոխ ատենապետը՝ տեարք Վահէ Յովակիմեան եւ Կարօ Էշկիեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ եւ մշակոյթի բազմաթիւ գործիչներ ու յոբելեարին բարեկամները ներկայ եղան երեկոյթին, որուն հանդիսավարութիւնը կատարեց «Ասպարէզ»ի խմբագիր Տիար Աբօ Պօղիկեան։

Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւորականաց դասուն բացման աղօթքէն ետք, ցուցադրուեցաւ Ց. Յովսէփեանի մասին վաւերագրական ժապաւէն մը։ Յանուն Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի, խօսք առաւ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան։ Յանուն «Լեռնավայր» կոմիտէի՝ Տիար Արման Պաղտոյեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողմէ՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Կարօ Քիւրքճեան, որոնք յուշանուէրներ յանձնեցին մեծարեալին։

Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք, նշեց, որ Ց. Յովսէփեանի երկարակեցութիւնը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է, ապա, յոբելեարին շնորհեց օրհնութեան գիր մը, որուն մէջ վեր կ’առնէր բազմավաստակ լուսանկարիչին ու հանրային գործիչին բարեմասնութիւնները, որոնք իրեն հանդէպ սէր ու յարգանք ապահոված են բոլորէն, ու կը մաղթէր, որ Աստուած քաջառողջ կեանք եւ անկատար երազներու իրականացում պարգեւէ անոր։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022