Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քէթրին Պարկըր այս տարի եւս Ապրիլ ամիսը հռչակեց «Հայոց Պատմութեան Ամիս»։ Այս առիթով, վերահսկիչներու Խորհուրդը Ապրիլ ամսուան ընթացքին պատուեց հայորդիներ, որոնք նպաստ բերած են հայութեան ու ամերիկեան հաւաքականութեան։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգային Վարչութեան առաջարկութեամբ, Տիար Պերճ Կարապետեան պատիւի արժանացաւ վերահսկիչներու Խորհուրդի 16 Ապրիլ նիստին։
Տիար Կարապետեան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է մեր գաղութին, ամէնէն աւելի նշանակալից է իր դերը իբր Հայ Ամերիկեան Թանգարանի գործադիր յանձնախումբի ատենապետ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, ինչպէս նաեւ անդամ հայկական եւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու։